Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններուն վերաբերեալ հեռակապով հարցազրոյց ունեցաւ «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Աբրահամ Գասպարեանի հետ:
Հարցազրոյցի ընթացքին Յ. Բագրատունի նշեց, որ նոր վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ քաղաքական ուժերու վստահութեան քուէով նշանակուեցաւ, եւ յոյս ունինք, որ յառաջիկայ 15 օրերուն կրնանք կառավարութիւն մը ունենալ: Այսուհանդերձ կը մնայ ժողովրդային անհանգստութիւնը, սակայն ոչ մեծ տարողութեամբ, անհամեմատ կերպով փոքրաթիւ ցոյցերը կը շարունակուին, անոնք բաղդատաբար սկզբնական շրջանին շատ աւելի տարբեր են եւ փոքրաթիւ, կը փորձեն խանգարել ստեղծուած կացութիւնը: Տուեալներ կան, որ ասիկա ժողովրդային շարժումը չէ, այլ որոշ խմբաւորումներ, որոնք քաղաքական յատուկ նպատակներով հրապարակ եկած են, կրնայ ըլլալ անոնց մէջ կան անկեղծ երիտասարդներ, որոնք ունին արդար պահանջներ, սակայն հիմնականը, ինչ որ կը նկատենք, հանրային անդորրը խանգարելու շարժումներ են:
Խօսելով կազմուելիք կառավարութեան մասին` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ ատիկա պիտի կազմուի համայնքային դրութեամբ, եւ հայ համայնքը պիտի ունենայ նախարար, բայց տակաւին կանուխ է խօսելու ստանձնուելիք նախարարութեան մասին: Անդրադառնալով վերջին 3 ամիսներուն Լիբանանի մէջ` հակահայկական թրքական շարժումներուն Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ այդ շարժումները եւ տարրերը դատական հետապնդումի ենթարկեցինք, դատարանը իր գործը կը կատարէ: Այո՛, թրքական գործօնը շատ աւելի աշխուժացած է Լիբանանի մէջ, ոչ իւրայատուկ կերպով հակահայկական իմաստով, բայց Թուրքիոյ ռազմավարական եւ Միջին Արեւելքի մէջ իր ընդհանուր ծրագիրներուն կապակցաբար, սակայն նաեւ հայկական տուեալը Թուրքիոյ համար կարեւոր է: Լիբանանեան բոլոր համայնքները եւ քաղաքական դէմքերը դատապարտեցին հակահայկական վերաբերմունքը:
Պատասխանելով այն հարցումին, եթէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն մէկ ամիս ետք Լիբանանի հայութիւնը կրցա՞ւ իր ողնաշարը ուղղել, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Վիրաւորները լաւ վիճակի մէջ են, զոհերուն թիւը բարձրացած է 14-ի, պայթումէն անմիջապէս ետք ՀՅԴ-ն եւ զանազան միութիւններ լծեցին իրենց տղաքն ու աղջիկները աշխատանքի` զանազան օժանդակութիւններ հասցնելով: Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ տրամադրուած օժանդակութեան կողքին, վերջերս ունեցանք նաեւ ՀՅԴ հայաստանեան կառոյցին կողմէ տրամադրուած օժանդակութիւնը` «Օգնիր եղբօրդ-Լիբանան»: Հոս կ՛ուզեմ նշել նաեւ, որ համահայկական ճիգեր կան, կազմուած է Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմին, նորոգութիւնները սկսած են, նիւթական օժանդակութիւնները յառաջիկայ շաբաթ կը սկսին, ուտեստեղէնի կողքին նաեւ հոգեբանական դժուարութիւնները յաղթահարելու օժանդակութիւն կը ցուցաբերենք:
Աւելցնեմ նաեւ, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի այցելութիւնը որոշ յոյս ներշնչեց լիբանանցիներուն, նաեւ մեզի:
Նախագահ Մաքրոնի հետ հանդիպումի ընթացքին մենք ներկայ էինք եւ ներկայացուցինք համապատասխան փաստաթուղթ: