Ս.թ. մայիս 27-ին Մոսկուայի Ազգութիւններու տան մէջ տեղի ունեցած է Յ. Թումանեանի 145-ամեակին նուիրուած գրական-երաժշտական յուշ-երեկոյ: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Մոսկուայի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն, երեկոն կազմակերպած էր Ռուսաստանի հայերու միութիւնը` Մոսկուայի Ազգութիւններու տան, Մոսկուա քաղաքի միջտարածաշրջանային համագործակցութեան, ազգային քաղաքականութեան եւ կրօնական կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժանմունքին հետ համատեղ:
Երեկոն կը վարէր հայ համայնքի ներկայացուցիչ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, Մոսկուայի Ա.Գորկիի անուան համաշխարհային գրականութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, Մոսկուայի Մ.Լոմոնոսովի անուան Պետական համալսարանի Ասիոյ եւ Ափրիկէի երկիրներու ինստիտուտի դասախօս Բ.Զուլումեան: Ան ներկայացուց Թումանեանի ստեղծագործական ուղիի հակիրճ պատմութիւնը: Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին յատուկ ուշադրութիւն դարձուց այն հանգամանքին, որ 1915թ. Ցեղասպանութենէն ետք Թումանեանը գլխաւորեց Էջմիածնայ մէջ ստեղծուած փախստականներու հարցերով կոմիտէն:
Ելոյթներով հանդէս եկան բազմաթիւ պատմաբաններ, հայ եւ ռուս անուանի գրողներ, ընթերցուեցան Թումանեանի բանաստեծութիւնները:
Երեկոյի աւարտին ցուցադրուեցան Հ.Թումանեանի մասին պատմող վաւերագրական շարժանկար եւ մեծ բանաստեղծի հեքիաթներէն մէկուն կարճ թատերական բեմադրութիւն:
Ձեռնարկին մասնակցեցաւ դեսպանութեան երկրորդ քարտուղար Վ.Մելքումովան: