ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս 5 Նոյեմբերին հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
Սարգսեան ըսաւ, որ երկու ժողովուրդներուն հազարամեայ բարեկամութիւնը ապացուցեց, որ անոնք միասնաբար ստեղծած են մշակոյթ, կրթութիւն եւ պատմութիւն: «Մենք շատ ընդհանրութիւններ ունենք, բայց ունենք նաեւ ընդհանուր ցաւ: Մենք բաւական լաւ գիտենք եւ կը գիտակցենք անկախութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքը ու Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարի կարեւորութիւնը», նշեց ան։
Առանձնազրոյցէն ետք, նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի նախագահներուն գլխաւորած պատուիրակութիւններուն հանդիպումը, որուն ընթացքին Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ իրենց միջեւ եղած քննարկումներուն. «Ուրախ էի լսելու, որ Յունաստանը մօտ ժամանակներս կը վաւերացնի Եւրամիութեան հետ Հայաստանի համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Համակարծիք էինք, որ շատ էական է մեր երկկողմ համագործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական, նաեւ՝ մշակութային, գիտական եւ այլ ոլորտներում: Նաեւ կարեւորեցինք եռակողմ պլատֆորմը՝ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս: Բացի այդ, մենք կարող ենք Յունաստանը դիտարկել որպէս դարպաս դէպի Եւրամիութիւն, եւ հակառակը, Յունաստանը կարող է Հայաստանը դիտարկել որպէս դարպաս դէպի Եւրասիական միութիւն»: Նախագահը բարձր գնահատեց երկկողմանի յարաբերութիւնները նոր մակարդակի հասցնելու ներոյժը:
Նշելով, որ երկու ժողովուրդներն ալ պատմականօրէն ձեւաւորուած սփիւռքներ ունին՝ Հայաստանի եւ Յունաստանի նախագահները ընդգծեցին անոնց միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Փաւլոփուլոս ընդգծեց, որ պատրաստ է իր նպաստը բերելու երկկողմանի յարաբերութիւններու սերտացման ու ամրապնդման: «Մեր երկու ժողովուրդներն ու երկիրները պատմականօրէն պարտադրուած են համագործակցելու, եւ մենք պետք է խորացնենք այդ գործակցութիւնը բոլոր բնագաւառներուն մէջ», ըսաւ Յունաստանի նախագահը։
Նախագահները կարեւոր նկատեցին նաեւ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարաններուն միջեւ առաւել սերտ համագործակցութիւնը՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով կարելի եղածին չափ աջակցիլ անոնց ջանքերուն:
Ապա, նախագահները տուին մամլոյ միացեալ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Յունաստանի նախագահը յայտարարեց. «Մենք կը յիշենք հայերու Ցեղասպանութիւնը, մենք կը յիշենք Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը, ուրախ ենք, որ օրեր առաջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը ընդլայնեց Ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն շրջանակը: Մենք 1996ին խորհրդարանի մակարդակով ճանչցանք Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սահմանեցինք Ապրիլ 24ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան օր, եւ 2014ին քրէականացուցինք Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել, որ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ միաձայնութեամբ ճանչցաք Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնը: Այստեղէն մենք ուղերձ կը յղենք Թուրքիոյ, որ պէտք է հաշտուի իր պատմութեան հետ, պատասխան տայ, պէտք է ներողութիւն խնդրէ», ըսաւ Յունաստանի նախագահը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութեան հարցերուն։ Նշելով, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգը Հայաստանի մէջ նոր է, նախագահ Սարգսեան առաջարկեց քննարկել երկու երկիրներու նախագահական կառոյցներուն միջեւ փոխգործակցութեան, մասնաւորաբար, նախագահներու աշխատակազմերու միջեւ փորձի փոխանակման ծրագիրներու կարելիութիւնը՝ նկատի ունենալով Յունաստանի խորհրդարանական կառավարման հարուստ փորձառութիւնը: Յունաստանի նախագահը դրական արձագանգեց առաջարկին:
Խօսուած է նաեւ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար Եւրոպական Միութեան երկիրներ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման հարցին եւ Հայաստան կրնայ դառնալ Յունաստանի համար դէպի ԵԱՏՄի տարածք դարպաս դարձնելու մասին։
Իր կարգին, Փաւլոփուլոսի հետ հանդիպումէն ետք, Փաշինեան վստահութիւն յայտնեց, որ այս այցելութիւնը պիտի նպաստէ հայ-յունական եղբայրական կապերու զարգացման ու ընդլայնման:
«Մեր երկրների միջպետական եւ միջժողովրդական յարաբերութիւնները շատ բարձր մակարդակի վրայ են գտնւում, եւ յոյս ունեմ, որ մենք կը կարողանանք այս նպաստաւոր ֆոնի վրայ առաւել արդիւնաւէտ տնտեսական համագործակցութիւն հաստատել, նաեւ այլ ոլորտներում մեր համագործակցութեան մակարդակը բարձրացնել եւ արդիւնքներն աւելացնել», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ արդէն իսկ գործակցութեան բաւական առիթներ եղած են, իսկ Յունուարին կը նախատեսուի եռակողմանի՝ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս ձեւաչափով առաջին գագաթնաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ: «Դա շատ կարեւոր իրադարձութիւն է, որն է՛լ աւելի նպաստաւոր կը դարձնի մեր յարաբերութիւնները», ըսաւ ան։
Փաշինեան լուսարձակի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Յունաստանի կողմէ, նաեւ Հայաստանի խորհրդարանին կողմէ յոյներու, ասորիներու ցեղասպանութեան ճանաչումը: «Կարծում եմ՝ այս փաստը հիմք է ստեղծում, որ մենք գլոբալ անվտանգութեան հարցերում նոյնպէս համագործակցութեան ուղիներ փնտռենք, որովհետեւ մեզ համար ցեղասպանութիւնների ճանաչումը ոչ միայն պատմութեան ճանաչման խնդիր է, այլեւ գլոբալ անվտանգութեան եւ ցեղասպանութիւնների կանխարգելմանն ուղղուած կարեւոր ջանք», յայտնեց վարչապետը:
Փաւլոփուլոս յատկապէս ողջունեց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին կողմէ գործադրուած ջանքերը, որոնք կը վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման:
Ան ողջունեց նաեւ եռակողմանի համագործակցութիւնը՝ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ: «Վստահ եմ, որ եռակողմանի ձեւաչափով համագործակցութիւնը ո՛չ միայն օգուտներ կրնայ բերել եւ արդիւնաւէտ ըլլալ իւրաքանչիւր երկրի համար, այլ նաեւ ընդհանրապես Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան համար», նշեց Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս:
Այնուհետեւ զրուցակիցները անդրադարձան թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան վերաբերող հարցերու, միտքեր փոխանակեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան շուրջ:
Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Յունաստանին՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին մէջ անոր հաւասարակշռուած դիրքորոշումը եւ բարձր գնահատեց երկկողմանի համագործակցութիւնը ռազմական ոլորտին մէջ, յատկապէս, հայ սպաներու համար Յունաստանի մէջ ուսումնառութեան ծրագիրներու կազմակերպման առումով:
Նոյն օրը Յունաստանի նախագահը նաեւ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան Յունաստանի նախագահին ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը: Յունաստանի նախագահը նաեւ շրջագայեցաւ թանգարան-հիմնարկին մէջ, գրառում կատարեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ:
Այնուհետեւ Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս Ծիծեռնակաբերդի ծառուղիին մէջ խորհրդանշական եղեւնի տնկեց: