Ուաշինկթըն իր կեցութեան ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակ եւ տեսակցեցաւ գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ, որոնց հետ քննարկեց Միացեալ Նահանգներ – Լիբանան խորհրդարանական համագործակցութեան ընդհանուր ուղղութիւնները եւ լիբանանեան պատուիրակութեան գործուղման ընթացքին արծարծուած հարցերը:
Ապա Բագրատունի դասախօսութիւն տուաւ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուած վարժողական ծրագիրին հետեւող երիտասարդներուն, որոնք կը գումարէին սեմինարային վերջին նիստը: Ան դասախօսեց Լիբանանի պետական կառոյցներուն, քաղաքական իրավիճակին եւ արտաքին քաղաքականութեան մասին. ողջունելով երիտասարդներու ներգրաւուածութիւնը Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ` ան շեշտեց Հայ դատի յանձնախումբերու ցանցային համակարգի կարեւորութիւնը եւ ասպարէզ եկող նոր ուժերուն իւրաքանչիւր միջավայրի իւրայատկութիւններուն ծանօթանալը: Ան եզրափակեց, որ համագործակցութեան թափ տալը եւ մեր ուժերու մնայուն երիտասարդացումը հզօր ազդակներ են Հայ դատի աշխատանքներուն արդիւնաւորման համար: