ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Ռոզ Կոթեմէոլլըր, որ Հայաստան այցելած էր 13- 18 Դեկտեմբեր, իրականացուող «ՆԱԹՕ-ի շաբթուան» ծիրէն ներս, կը կարծէ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան հանգուցալուծումը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ ան այս մասին յայտարարած է Երեւանի պետական համալսարանէն ներս ուսանողներու հետ հանդիպման ընթացքին:
«Կը ցաւիմ, որ անցած է աւելի քան քսանհինգ տարի, սակայն հակամարտութիւնը դեռ լուծուած չէ: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի համար ասիկա կարեւոր է միասին աշխատելու հարցով: Ես գոհ եմ, որ վերջերս չորս նախարարները հանդիպեցին Վիեննայի մէջ, Հոկտեմբերին հանդիպեցան նաեւ նախագահները: Կը կարծեմ, որ ասիկա գերազանց է: Ես կրնամ գոհունակութիւնս յայտնել, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները՝ իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ՝ նման բարձր մակարդակով ներգրաւուած է ՌԴ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, ինչպէս նաեւ ֆրանսական կողմին հետ: Ես` իբրեւ ՆԱԹՕ-ի նախագահութեան ներկայացուցիչ, կրնամ ըսել, որ մենք պարզապէս յոյս ունինք տեսնելու նոր պահ ճգնաժամը լուծելու հարցով»,- ըսած է ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչը` ընդգծելով, թէ գոհ են գործադրուող դիւանագիտական ջանքերուն համար, եւ յոյս յայտնած, որ անոնք շուտով արդիւնք պիտի տան: