Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ԵԱՀԿ-ի մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 24-րդ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, թէ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի փակումը շատ բացասական նախադէպ կը ստեղծէ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Նալբանդեան յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի բուն էութիւնը հարցերը երկխօսութեան ու համագործակցութեան միջոցով հանգուցալուծելն է, այլ ոչ թէ մասնակից պետութեան մը դիրքորոշումը ի վնաս միւսներուն եւ ամբողջ կազմակերպութեան պարտադրելը:
«Նախարարական խորհուրդները հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն խօսելու ձեռքբերումներու եւ ապագայի տեսլականի մասին, սակայն, պէտք չէ կորսնցնել այս հնարաւորութիւնը. անկեղծ կերպով քննարկման առարկայ պէտք դարձնել կազմակերպութեան թերութիւնները:
Ատրպէյճանի՝ ԵԱՀԿ գրասենեակի իրաւագիրի երկարաձգման համաձայնութեան միանալէն հրաժարիլը վնաս հասցուց ո՛չ միայն ԵԱՀԿ դաշտային առաքելութիւններու գործունէութեան միասնականութեան, այլ նաեւ կազմակերպութեան ընդգրկուն համագործակցութիւն ծաւալելու կարողութեան», ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Ան յիշեցուց, որ ԵԱՀԿ-ի յանձնառութիւնները չյարգելէ եւ կազմակերպութեան գրասենեակը իր երկրին մէջ փակելէ ետք, Ատրպէյճան թիրախ դարձուց եւ փակեց ԵԱՀԿ վերջին լիարժէք կերպով գործող առաքելութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Նալբանդեան առանձնայատուկ ցաւալի համարեց այն փաստը, որ գրասենեակը փակուեցաւ՝ ի հեճուկս անոր պահպանման ցանկութեան ու այդ ուղղութեամբ գործադրած շարունակական ջանքերուն, ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ ԵԱՀԿ-ի մասնակից բոլոր երկիրներուն կողմէ՝ բացառութեամբ Ատրպէյճանի: «Կ՛ուզենք յիշեցնել, որ ԵԱՀԿ-ի ե՛ւ գերմանական, ե՛ւ աւստրիական նախագահութիւնները հերքեցին Ատրպէյճանի՝ երեւանեան գրասենեակի հասցէին կատարած մեղադրանքները: Զարմանալի չէ, որ Ատրպէյճան, ԵԱՀԿի երեւանեան գրասենեակին մարտահրաւէր նետելով՝ յայտնուեցաւ մեկուսացման մէջ», նշեց Նալբանդեան:
Ան շեշտեց, որ Հայաստան վճռական կերպով պիտի շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը ԵԱՀԿ շրջանակներուն մէջ, եւ «Հայաստանի հետ համագործակցութեան ծրագիրը» լաւ հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռէ այդ առումով: