Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեսփոխանները հրաւիրեց վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւններու, որոնք պիտի կայանան երկուշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2019-ին, նախագահական պալատին մէջ:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անմիջապէս անդրադարձաւ այդ հրաւէրին եւ ըսաւ. «Ասիկա կը նշանակէ, թէ Լիբանանի վրայ պիտի բացուի նոր արշալոյս մը»:
Միւս կողմէ, վարչապետի նշանակման ջանքերու շրջագիծին մէջ նախանցեալ երեկոյեան հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի հանդիպած էր ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի հետ:
Հանդիպումին մասին Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Հարիրիի հետ տեսակցութիւնը տեւեց տասը վայրկեան, որուն ընթացքին Հարիրի շեշտեց, որ ինք կը մասնակցի վարչապետի թեկնածու Սամիր Խաթիպի կառավարութեան եւ կ՛որդեգրէ անոր թեկնածութիւնը:
Խալիլ նկատել տուաւ, որ կառավարութիւնը հաւանաբար բաղկանայ 24 նախարարներէ:
Այս տեղեկութիւններուն լոյսին տակ յայտնուեցաւ, որ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Հարիրի հանդիպում մը պիտի ունենար Խաթիպի հետ եւ ապա յայտարարութիւն մը կատարէր:
Բայց եւ այնպէս Հարիրի-Խաթիպ հանդիպումին մասին ոչինչ յայտարարուեցաւ:
Այս իրողութեան զուգահեռ, Տար Ֆաթուայէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ ընդգծուեցաւ, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան կամ Տար Ֆաթուա Սամիր Խաթիպի նշանակումին մասին փոխանցելիք կեցուածք չունին:
Իր կարգին, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երեկոյեան ըսաւ. «Սամիր Խաթիպի նկատմամբ բոլոր յարգանքովս հանդերձ, համոզուած եմ, որ Սաատ Հարիրի ամէնէն կարող անձնաւորութիւնն է` վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու, որպէսզի ապահովէ Լիբանանի բարօրութիւնը»:
Աւելի ուշ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ յայտարարեց, որ Սաատ Հարիրին վարչապետ նշանակելու լուրջ աշխատանք կը տարուի` աւելցնելով, որ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համաձայն ձեւաւորուած է խորհրդարան մը, որ կը բաղկանայ քաղաքական ուժերէ: «Հետեւաբար մասնագէտներու կառավարութեան մը կազմութիւնը դժուար թէ կարելի ըլլայ», ըսաւ ան:
Նախկին Վարչապետներ Սահմանադրութիւնը Խախտելու Յանցանքով Կը Մեղադրեն Նախագահ Աունը,
Իսկ Հանրապետութեան Նախագահութիւնը Կը Լուսաբանէ
Նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա, Թամմամ Սալամ եւ Նեժիպ Միքաթի երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երկրին սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին վտանգաւոր խախտում մը արձանագրուած է, որովհետեւ նախագահ Աուն ոտնձգութիւն գործած է վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններուն մասնակցելու երեսփոխաններու իրաւունքին դէմ:
Անոնք աւելցուցին, որ հանրապետութեան նախագահը նաեւ ոտնձգութիւն գործած է կառավարութիւնը կազմելու վարչապետի իրաւասութեան դէմ, որովհետեւ ան եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ ստեղծած են վարչապետի հաւանական թեկնածուի կերպարի մը նախընթացը:
Հաղորդագրութեան մէջ դատապարտուեցաւ նաեւ նախագահ Աունի կողմէ Սաատ Հարիրիի կառավարութեան հրաժարականի անտեսումը եւ ժողովրդային շարժումի բռնկումէն 50 օր ետք տակաւին վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններու չհրաւիրելը, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն պահանջները նկատի չունենալու կեցուածքը:
«Վարչապետի պաշտօնին դէմ նման ոտնձգութիւն չէ գործուած, ո՛չ Թաէֆէն առաջ եւ ո՛չ ալ անկէ ետք: Ասիկա վտանգաւոր արարք է, որ կը սպառնայ լիբանանեան միասնականութեան եւ սահմանադրութեան», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Նախկին վարչապետները նկատել տուին նաեւ, որ ոեւէ թեկնածու, որ վարչապետ չնշանակուած քննութեան կ՛ենթարկուի եւ կառավարութեան կազմին մասին խորհրդակցութիւններ կը կատարէ, ինք եւս սահմանադրութիւնը խախտած կ՛ըլլայ եւ վարչապետին պաշտօնը տկարացուցած:
Նախկին վարչապետները կոչ ուղղեցին յարգելու երկրին սահմանադրութիւնը եւ վերջ տալու այս անլուրջ իրավիճակին: Անոնք ընդգծեցին, որ իրենց նիստերը բաց պիտի պահեն` հետեւելու համար արձանագրուելիք զարգացումներուն:
Նախագահական պալատը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ եթէ նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա, Թամմամ Սալամ եւ Նեժիպ Միքաթի իմանային, թէ վարչապետի նշանակման պարտադիր խորհրդակցութիւնները անմիջապէս կատարելը ի՛նչ հետեւանքներ կրնար ունենալ, ապա անոնք վերոնշեալ հաղորդագրութիւնը չէին հրապարակեր, ինչպէս նաեւ կը համոզուէին, որ նախագահ Աուն Ազգային ուխտին հիմերը պաշտպանելու համար է, որ առած է այդ քայլը:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահին կատարած խորհրդակցութիւնը սահմանադրութեան կամ Թաէֆի համաձայնագիրի խախտում չէ: «Սահմանադրութեամբ եւ Թաէֆի համաձայնագիրով հանրապետութեան նախագահին ժամկէտ չէ ճշդուած` վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններու հրաւիրելու, ինչպէս նաեւ վարչապետին ժամկէտ չէ ճշդուած` կառավարութիւնը կազմելու: Հետեւաբար վարչապետի իրաւասութիւններուն դէմ ոչ մէկ ոտնձգութիւն գործուած է», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Ցոյցերը Կը Շարունակուին` Իրենց Թափը Սաստկացնելով
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ժողովրդային շարժումին մաս կազմող ցուցարարները փակեցին տարբեր շրջաններու փողոցները:
Պեքաայի մէջ անոնք աղբամաններով փակեցին Սաատնայէլի, Թաալպայայի եւ Զահլէի ճամբաները, իսկ Թրիփոլիի մէջ Լա Փալմայի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ:
Ցուցարարները փակեցին նաեւ Ժըպ Ժըննինի ճամբան:
Բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը մեծ ջանքերով կրցան վերաբանալ բոլոր փակ ճամբաները:
Սաատնայէլի մէջ բանակը ձերբակալեց 16 հոգի, որոնցմէ 3-ը` սուրիացիներ: Ձերբակալուողները փակած էին միջազգային ճամբան եւ բանակայիններու վրայ յարձակած:
Միւս կողմէ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ արտայայտուելու ազատութիւնը երկրին սահմանադրութեամբ ամրագրուած է` աւելցնելով, որ ճամբաներու փակումը երկրի օրէնքներուն խախտում է:
Հանրապետութեան նախագահութեան կողմէ վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւններու հրաւէրին յայտարարուելէն անմիջապէս ետք, ցուցարարները ուղղուեցան Ռինկի կամուրջը եւ փակեցին զայն:
Ռինկի կամուրջին վրայ գտնուող ցուցարարները հաստատեցին, որ իրենք կը մերժեն Սամիր Խաթիպի վարչապետ նշանակումը:
Նշենք, որ ժողովրդային շարժումի «ղեկավար» դէմքերէն` հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Ժորժ Նատեր կտրականապէս մերժեց Սաատ Հարիրին վերստին վարչապետ նշանակելու փորձերը` հաստատելով, որ Հարիրի կամ ոեւէ այլ փտած անձնաւորութիւն պէտք չէ ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը:
Ապա ցուցարարները փակեցին Անթիլիասի, Ժալ էլ Տիպի ու Զալքայի ճամբաները, ուր կատարեցին նաեւ քայլարշաւ մը` մերժելով անձնասպանութեան իրականութիւնը, որ օրական դրութեամբ կը կրկնուի Լիբանանի տնտեսական վատ պայմաններուն պատճառով:
Ցուցարարները հրկիզուող անիւներով փակեցին Նահր Մոթի մայրուղին, ինչպէս նաեւ աղբամաններով փակեցին Քասքասի ճամբաները:
Ուշ գիշերին ցուցարարները փակեցին նաեւ Սայտայի մայրուղին եւ Էլիա հրապարակին վրայ զետեղեցին խորհրդանշական կախաղաններ` անդրադառնալով անձնասպանութիւն գործող քաղաքացիներուն:
Ցուցարարները փակեցին նաեւ Պար Էլիասը, Մասնաայի մայրուղին, Խալտէի մայրուղին, ինչպէս նաեւ Թրիփոլի-Աքքար մայրուղին:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակն ու Ներքին ապահովութեան ուժերը մինչեւ կէս գիշերը կրցան վերաբանալ բոլոր փակուած ճամբաները: