Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները:
Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց երեսփոխանական այն պլոքները, որոնց հետ նախանցեալ օր հանդիպում չէր ունեցած:
Նախագահ Աունի այցելեցին Անկախ կեդրոն երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, Լեռնալիբանանի երաշխիք պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլ եւ Մոհամետ Խաուաժա:
Ըստ տեղեկատուական աղբիւրներու, հանդիպումներուն ընթացքին երեսփոխաններ Ռաատ եւ Ալի Հասան Խալիլ յայտնած են, թէ շիի համայնքը կառչած կը մնայ ելեւմուտքի նախարարութիւնը ստանձնելու եւ իր նախարարութիւնները նշանակելու իրաւունքին:
Նախագահ Աունի հետ տեղի ունեցած հանդիպումներէն բացառուեցաւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը, որ նախանցեալ գիշեր պաշտօնապէս յայտնեց, թէ չ՛ուզեր կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն մասնակցիլ, որովհետեւ անոնք Թաէֆի շրջանցում են եւ հակաօրինական:
Երեկոյեան նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ` նկատի ունենալով նախագահ Աունի առած փրկութեան քայլը սեւցնելու Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի նպատակը, անհրաժեշտ կը գտնեն պատասխանել անոր կեցուածքին:
«Նախագահ Աուն երեսփոխանական պլոքները խորհրդակցութեան չէր հրաւիրեր, եթէ չիմանար, թէ ի՛նչ տագնապ կրնան պատճառել կառավարութեան կազմութեան շուրջ ստեղծուելիք տարակարծութիւնները: Իսկ ո՞ւր է այն յօդուածը, որ հանրապետութեան նախագահը կ՛արգիլէ խորհրդակցութիւն կատարել, եթէ անոր կարիքը կը զգացուի», հարց տրուեցաւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքին:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց նախկին նախարար Եագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Աքքարի իրավիճակն ու անոր կարիքները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումն ու անոր հետեւանքները:
Նախագահական պալատ այցելց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-եգիպտական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: