Արցախեան Լրահոս՝ 6 նոյեմբեր 2020
Թուրք-ազերիական հրոսակները արդէն քանիերորդ օրը ըլլալով կը փորձեն հասնիլ Շուշի: Արցախի պաշտպանութեան բանակը պատուով յետ կը մղէ թշնամիին արշաւները: Ռազմական գետնի վրայ ծանր բախումներ տեղի կ’ունենան Շուշիի մօտակայ շրջաններու մէջ: Այսօր՝ ուրբաթ առաւօտեան վաղ ժամերէն Ազրպէյճան կոյր ռմբակոծումի ենթարկեց Ստեփանակերտը եւ Շուշին:
Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան հաւաստեց, թէ քաղաքը ապահով ձեռքերու մէջ կը գտնուի, որովհետեւ քաղաքը կը պաշտպանէ Արցախ-Հայաստան- Սփիւռք եռամիասնութիւնը:
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան, յայտարարեց, թէ թշնամիին քմահաճօրէն կը սպաննէ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններուն խաղաղ բնակիչները:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երկրին Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամներուն հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի զարգացումները:
Դիւանագիտական գետնի վրայ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհասկնալի նկատեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յուզական արձագանգը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ օտարերկրեայ վարձկաններու շուրջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի արտայայտած մտահոգութեան:«Մենք համոզուած ենք, որ վարձկան զինեալներու ներթափանցումը Անդրկովկաս սպառնալիք է տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն, ներառեալ՝ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կայունութեան եւ անվտանգութեան». ընդգծեց նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան:
Եւրոպական Միութիւնը մէկ տարիով երկարաձգեց Թուրքիոյ նկատմամբ պատժամիջոցները՝ Միջերկրական ծովուն մէջ ապօրէն գործունէութիւնները շարունակելու պատճաոով:
Քաղաքական գետնի վրայ, Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան խորհրդարանական խմակցութիւններուն հետ քննարկեց ստեղծուած իրավիճակը: «Այս պայմաններուն մէջ խիստ կարեւոր է պետական մարմիններու միասնական եւ ներդաշնակ աշխատանքը՝ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին». ընդգծեց: Յարութիւնեան:
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արմէն Սարգսեան ուղերձ մը յղեց հայ ժողովուրդին, ուր յայտնեց, թէ նուիրատուութիւն կատարելով «Հայաստան» հիմնադրամին՝ Հայաստան ապաստանած արցախցի ընտանիքներուն, գաղթականներուն, քանդուած բնակարաններուն եւ դպրոցներուն վերաշինութեան օգնութեան ձեռք մեկնած պիտի ըլլանք: Ան դիտել տուաւ, որ արդէն ամիս մըն է Արցախը, Հայաստանը եւ համայն հայ ժողովուրդը հայրենական պատերազմ կը մղէ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ: «Կ’ուզեմ մեր քաղաքական ուժերուն, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներուն յորդորել՝ ժողովուրդին նման համախմբուած եւ միասնական դառնալ, հետեւիլ ժողովուրդին օրինակին.. :
Սարգսեան իր խօսքը աւարտեց դիտել տալով, որ հայ ժողովուրդը ունի ամենահզօր զէնքը՝ մեր միասնութիւնը: