Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 մարտին Ուաշինկթընի մէջ մասնակցած է համայնքային ընդունելութեան` ի պատիւ Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան:
Ողջոյնի իր խօսքին մէջ նախագահ Սահակեան նշած է, որ ամերիկահայ համայնքը մեծ աշխատանք կը կատարէ` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու հետ Արցախի ու Հայաստանի կապերու զարգացման, փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման, բարեկամութեան ամրապնդման` աւելցնելով, որ անոր անմիջական մասնակցութեամբ տարիներ շարունակ Արցախի մէջ կեանքի կոչուած են ընկերային-տնտեսական, մարդասիրական բնոյթի ռազմավարական բազմաթիւ ծրագիրներ:
«Ամերիկահայ համայնքը եւ ամերիկացի մեր բարեկամները աշխուժօրէն ներգրաւուած են Արցախի միջազգային ճանաչման, մեր երկիրը Միացեալ Նահանգներու եւ արտաքին աշխարհին մէջ ներկայացնելու եւ ճշմարտացի տեղեկութիւններ հաղորդելու գործին մէջ: Այդ բոլորը արժանի է բարձր գնահատանքի», իր ելոյթին մէջ ընդգծած է նախագահ Սահակեան:
Ելոյթէն ետք նախագահ Սահակեան Արցախի Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններու, Արցախին միշտ սատարելու համար պետական բարձր պարգեւներ յանձնած է հայկական շարք մը կազմակերպութիւններու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն: