Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ 4 ապրիլին նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած է «Հայաստանի զարգացման ռազմավարութիւն-2030» փաստաթուղթի նախագիծի լրացուած եւ մշակուած տարբերակը:
Խորհրդակցութեան սկիզբը նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է Հայաստանի զարգացման հեռանկարային թիրախներուն հասնելու համար վճռորոշ եղող սկզբունքային շարք մը հարցերու, որոնց շուրջ քննարկման մասնակիցներուն հետ նոյն ձեւի պայմանաւորուածութիւն գոյացած էր նախորդ հանդիպումին:
Նախագահը շեշտած է, որ անհրաժեշտ է կայուն եւ բարձր ներառական տնտեսական աճ ապահովել եւ այդ մէկը զգալի դարձնել Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացիին համար, ինչպէս նաեւ գործել մեր համազգային նպատակներուն հասնելու առաջադրանքով` մինչեւ 2040 թուական չորս միլիոն հաշուող Հայաստան ունենալու համար յստակ եւ չափելի նախաձեռնութիւններու ձեռնարկել եւ մինչեւ 2030 թուական միջանկեալ թիրախային ցուցանիշ սահմանել:
«Մենք պայմանաւորուեցանք, որ մինչեւ 2030 թուական ջանք ի գործ պիտի դնենք մարդկային ներուժը զարգացնելու, այսինքն` մեծապէս պէտք է աւելցնենք կրթութեան ու առողջապահութեան յատկացուող գումարները: Մենք մեր վրայ պարտք դրած ենք, որ ծրագիրին մէջ ներառուած ըլլայ նաեւ մինչեւ 2030 թուական ստեղծել քանի մը հարիւր հազար աշխատատեղեր, որոնք բարձր աշխատավարձ պիտի ապահովեն: Ծրագիրին մէջ յատկապէս ներառուած պէտք է ըլլայ երիտասարդութեան մօտ անգործութիւնը նուազեցնել, չըսելու համար` զերոյի հասցնել: Նոր աշխատավայրերու ստեղծումով եւ եղած աշխատավարձը բարձրացնելու միջոցով մենք պիտի հասնինք աղքատութեան էական նուազեցման: Ասիկա չափազանց կարեւոր խնդիր է: Մենք այստեղ նաեւ պէտք է նկատի առնենք մեծ աշխատանք ծաւալել մեր հարկային դաշտին մէջ գործերը բարելաւելու, հարկեր / համախառն ներքին արդիւնք յարաբերակցութիւնը բարձրացնելու ուղղութեամբ: Մենք շատ աւելի սեղմ ժամկէտի մէջ եւ ոչ մինչեւ 2030 թուական, պէտք է հասնինք ստուերի էական կրճատման եւ փաստաթղթաշրջանառութեան ներդրման, առանց որուն մենք չենք կրնար հարկեր / համախառն ներքին արդիւնք յարաբերակցութիւնը բարելաւել, ինչ որ ուղղակի պարտադիր է պիւտճէական ծախսեր կատարելու համար», դիտել տուած է նախագահ Սարգսեան:
Ըստ անոր, քննարկուած է նաեւ այն, որ հարկային քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնը ըլլայ հարկային բեռը ուղղակի հարկերէն դէպի անուղղակի հարկեր տանիլը: «Կը կարծեմ, թէ ասիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ եթէ մենք կը կանխատեսենք հինգ կամ աւելի տոկոսի աճ, ապա մեր տնտեսութիւնը պէտք է ըլլայ մրցունակ: Եթէ մենք մեր հիմնական ուղղութիւններէն մէկը կը նկատենք արտածման խթանումը եւ ատոր համար նաեւ աշխատատեղերու ստեղծումը, բնականաբար, պէտք է նախ եւ առաջ ըլլանք մրցունակ: Եւ այս առումով եւս մենք պէտք է մտածենք, թէ ե՞րբ սկիզբ պիտի դնենք հարկային այս քաղաքականութեան, այսինքն` հարկային բեռը ուղղակիէն անուղղակի փոխանցելու: Կը կարծեմ, թէ ե՞րբ մենք ունենանք վերջնական փաստաթուղթ, պէտք է նաեւ մենք մեզի համար ժամանակագրական որոշ թիրախներ սահմանենք», շեշտած է Հայաստանի նախագահը` ընդգծելով, որ փաստաթուղթը պէտք է տեսանելի, հասկնալի եւ ընկալելի ըլլայ ինչպէս կառավարութեան բոլոր անդամներուն, այնպէս ալ բոլոր քաղաքացիներուն համար: Անոր համաձայն, եթէ քաղաքացիները սատարեն գործադրուող ջանքերուն, արդիւնքը շատ աւելի շօշափելի ու մեծ կը դառնայ:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան հակիրճ ձեւով ներկայացուցած է իրականացուած աշխատանքներուն ընթացքը եւ արդիւնքները` նշելով, որ մշակուած է յաւակնոտ ու իրատեսական ծրագիր, որուն մէջ կ’արտացոլան երկրին մէջ տնտեսութեան եւ կեանքի որակի փոփոխութիւններուն վերաբերող թիրախներն ու նախատեսուող քայլերը: