ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) կողմէ քննուող 2008ի Մարտ 1ի քրէական գործի ծիրէն ներս, ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցները հետախուզական աշխատանք կատարած են 6 եւ 7 Օգոստոսին եւ յայտնաբերած, որ Հայաստանի նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի պատկանող եւ Ամբիկ Գէորգեանի անունով ձեւակերպուած՝ ՀՀ Արարատի մարզի Մխչեանի նախկին մեխանիկա-վերանորոգման գործարանին մէջ, ապօրինի կերպով կը պահուի մեծ քանակութեամբ զէնք եւ ռազմամթերք:
Ապօրինի կերպով հրազէն եւ ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ պահելու կասկածով ձերբակալուած են Ամբիկ Գէորգեանն ու Յովիկ Աբրահամեանի եղբայրը՝ Հենրիկ Աբրահամեանը:
Քննիչները այժմ կը ստուգեն խուզարկութեամբ յայտնաբերուած զէնքերուն ձեռքբերման աղբիւրները եւ 2008ի Մարտ 1ին ու 2ին անոնց գործածուած ըլլալու հանգամանքը: