Դոկտ. Մինաս Գոճայեան (*)
Պատհակա՞ն է արդեօք որ տարուան մահը խորհրդանշող աշնան եղանակին զուգահեռաբար մեզի կը հասնին «աշնանային» լուրեր արեւելքէն ու արեւմուտքէն։ Քիչ մը շատ չէ՞ այս տարուանը՝ հայրենիքէն ներս դժգոհութիւններու մագլցում, «գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ», հայոց լեզուի ուսուցման խնդիր Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական (այսուհետեւ՝ ԲՈՒՀ) հաստատութիւններէ ներս հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան ու կրօնի դասաւանդման հարցեր… Այսքանը չէր բաւեր կարծես եւ հիմա մեր սփիւռքահայ ազգային ինքնութեան արձանագրած ձախողութիւններուն վրայ կ՝աւելնան նոր վէրքեր՝ հայկական վարժարաններու հետզհետէ փակուելու տխուր ու մտալլկիչ դէպքեր։ Ահաւասիկ մեր առջեւ դրուած ՀԲԸՄ-էն մեզի ղրկուած յայտարարութիւն մը այս մասին.
– 25 Հոկտեմբեր 2019-ի ՀԲԸՄիութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ Մանուկեան Հիմնարկի եւ վարժարանի հոգաբարձութեան ղրկած հաղոդագրութեամբ կը ստանանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը թէ՝ բազմաթիւ նկատառումներէ ելլելով եւ ամենակարեւորը՝ ի նկատի առնելով մեր աշակերտութեան շահերը (ընդգծումը մերն է–հեղ.), ԱՄՆ-ի Փասատինա քաղաքի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանը յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ պիտի միացուի Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին (Քանոկա Փարք)։
Այլ խօսքով եւ մաքուր հայերէնով՝ Հոկտեմբեր 2009-ին հիմնուած ՀԲԸՄ-ի սոյն վարժարանը կը փակէ իր դռները։ Պարզ ու յստակ։ Այսքանը կարծես թէ զօրաւոր ապտակ մը չըլլար, նոյն հաղորդագրութեան մէջ կ՝ըսուի նաեւ թէ (յուրախութի՛ւն ծնողաց եւ աշակերտութեան) Փասատինայի աշակերտները կրնան իրենց ուսումը (9-րդ, 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաներ) շարունակել Միութեան քոյր վարժարանին մէջ, որ ի միջի այլոց շուրջ 35 մղոն (շուրջ 50 քլմ.) արեւմուտք կը գտնուի։
Նախ պէտք է գովել որ ՀԲԸՄ-ը համարձակեր էր նոր վարժարան մը հիմնել Մեծն Լոս Անճելըսի մէջ, ուր կ՝ըսուի թէ շուրջ 700.000 (?) հայեր կայք հաստատած են։ Լոս Անճելըսի հայահոծ քաղաքներն են Կլէնտէյլը, Հոլիվուտը, Օրէնճ Քաունթին, Հիւսիսային Հոլիվուտը (North Holywood), Պըրպէնք եւ ընդհանապէս Սան Ֆերնանտօ Հովիտը (նայիլ քարտէսին)։ Մօտաւորապէս Պէյրութի եւ արուարձաններու չափ տարածք մը գրեթէ, ուր իրարու փակած են վերոյիշեալ քաղաքները, ուր հայեր կեդրոնացուցած են իրենց արհեստները, գործատեղիները, գրասենեակները, բժշկական գրասենեակներն ու դարմանատուները, վաճառատուները, դպրոցները, հոգեւոր, մշակութային եւ հեռատեսիլային կեդրոնները եւ այլն։ Այս քաղաքներու մէջ գրեթէ ամէն քայլափոխին կը հանդպինք հայերէն եւ անգլերէն ծանուցումներու («Հայ սուփըրմարքէթ», «Նոր Գիւմրի» ճաշարան, «Զէյթուն», «Մուսալեռ»եւ «Տիգրանակերտ» ուտելիքի խանութներ, «անուշավաճառ Սարգիս», «Պագլաւա Ֆագթորի», «Արաքս տպարան», «Ապրիլ գրատուն» եւ այլն)։
Հայահոծ այս քաղաքներու հայ աշակերտութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը կը յաճախէ ամերիկեան պետական վարժարաններ, ուր բացի քանի մը հայաշատ աշակերտութիւն ունեցող հանրային վարժարաններէ չկայ հայոց լեզուի ուսուցում, թէեւ սա չի նշանակեր ամէնեւին թէ անոնց կը պակսի հայկական ոգին, այսուամենայնիւ այդ աշակերտներուն մէջ չի ծաղկիր ու չի զօրանար հայոց լեզուն, պատմութիւնն ու գրականութիւնը: Ամէն պարագաներու որքան ալ գովելի ըլլան տարուած ջանքերը այս ուղղութեամբ, նուազագոյն բծախնդրութիւն ունեցող հայ ծնողքը պիտի նախընտրէր ամէն գնով հայկական ամէնօրեայ վարժարան ղրկել իր զաւակները, եթէ կարողութիւնը ներէր: Այս էր պատճառը որ երբ ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութիւնը տասնամեակ մը առաջ յայտարարեց նոր դպրոց մը բանալու իր պատրաստակամութիւնը՝ արժանացաւ ծափողջոյններու եւ լայն արձագանք գտաւ ծնողներու մօտ: Այպիսով ՀԲԸՄ-ը կը հանդիսանար առաջին հայկական բարձրագոյն վարժարանը բացող կազմակերպութիւնը Փասատինայի մէջ, եւ կը ստանձնէր շարունակել ՀԲԸՄ-ի կարեւորագոյն առաքելութիւններէն մին՝ ԴՊՐՈՑԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ:
Այդ հանգրուանին ՀԲԸՄիութեան Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջ. Վարչութիւնը վստահաբար կը վայելէր ատենուան ղեկավարութեան, այլ ունեւոր բարերարներու եւ ծնողներու հաւաստիացումներն ու պատրաստակամութիւնը, ասոր լաւագոյն վկայութիւններէն մէկն էր ի հարկէ որ 9-րդէն 12-րդ դասարանցի ունեցող ծնողներ իրենց զաւակները շուտափոյթ կերպով յանձնեցին նորաբաց դպրոցին: Քանի մը տարիէն մենք ականատես եղանք այն փաստին, որ աշակերտները սկսան տալ որակաւոր հայկական ոգիով ներկայացումներ, պատուաւոր մասնակցութիւն ունեցան հայկական եւ տեղական-ամերիկեան ուսումնա-կրթական, մարզական եւ այլ ձեռնարկներու: Ուրեմն ի՞նչը պատճառ եղաւ փակման որոշում առնելուն: Ինչո՞ւ «յանկարծ» որոշում տրուեցաւ կեցնել յաջող ծրագիր մը: Պատճառը նիւթակա՛նն էր, կ’ըսուի հիմա: (**)
Նիւթական պատճա՞ռ թէ՞ այլ նկատառումներ
Դրամատիրական աշխարհին մէջ սովորական երեւոյթ մըն է դադրեցնել ծրագիր մը, որ յաւելեալ արժէք (surplus value) չի բերեր, հետեւաբար յատկացուած դրամագլուխը կը ներմուծեն աւելի շատ նիւթական եկամուտ բերող գործերու մէջ: Ուրեմն, եթէ վարժարանը նիւթական վնաս կը պատճառէր սփիւռքի հայութեան ամէնէն հարուստ անձերէն Վաչէ Մանուկեանին, ուրեմն հարկաւոր էր այս բազմամիլիոնատէր հայուն կացութիւնը փրկելու համար դադրեցնել նիւթական վնաս պատճառող ձեռնարկը: Կը ստացուի այնպէս մը, որ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Բարեսիրական Հիմնադրամին հասցուած «նիւթական վնասը» պէտք է վերացուէր՝ փակելով «չարեաց աղբիւրը»:
Ըստ վարժարանին հոգաբարձութեան երիտասարդ անդամներէն Պրն. Երուանդ Տեմիրճեանին՝ թոռնիկը մեծանուն բարերար երջանկայիշատակ լիբանանահայ բարերար Երուանդ Տեմիրճեանի, խնդրոյ առարկայ վարժարանը միշտ ալ հաշուեկշիռներուն մէջ զգալի բաց կ’առաջացնէր, իսկ վերջին տարիներուն այդ բացը հասած էր երկու միլիոնի (՞): Հետեւաբար, բարերաներ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններուն համար այլեւս հնարաւոր չէր շարունակել այս ընթացքով: Պրն. Ե. Տեմիրճեան նշեց որ ծնողներէն գանձուած կրթաթոշակները խիստ անբաւարար էին ընթացիկ կերպով շարունակելու վարժարանը, ըսուեցաւ նաեւ թէ մսխումները շատ են, կ’աշխատին պաշտօնեաներ, որոնց կարիքը չզգացուիր եւ այլն: Խօսքեր կը շրջին նաեւ թէ վարժարանի նախկին սիրուած տնօրէնուհի Օրդ Արմինէ Մովսիսեանին գործէ արձակուելէն կամ իը հրաժարականէն ետք (՞) պաշտօնի հրաւիրուած էր թոշակի անցած ամերիկացի տնօրէն մը, որուն համար կ’ըսուէր թէ կը վարձատրուէր տարեկան մեծ գումարով…:
Ընդվզումը կատարեալ էր ի հարկէ, ցնցող էր, նոյնիսկ շատերու համար անհաւատալի. չ՞է որ ՀԲԸՄ Թ. եւ Վ. Մանուկեան վարժարանը լաւ համբաւ կը վայելէր Փասատինա, Կլէնտէյլ եւ յարակից բնակավայրերու մէջ:Անխուսափելի ընդվզումը տեղի ունեցաւ դպրոցին բակին մէջ: Առաւօտեան երբոր հնչեց դասարանները մտնելու զանգը, աշակերտութիւնը մերժեց դասարանները անցնիլ, ընդհակառակն՝ անոնք, ծնողներ նոյնիսկ շրջանին մէջ գործող հայկական նախակրթարաններու եւ ութամեայ վարժարաններու աշակերտներ իրենց ուսուցիչներով ու տնօրէններուվ մնացին բողոքի ցոյցին՝ իրենց բողոքի եւ ընդվզման արտայայտութիւնները միացնելով վարժարանի աշակերտութեան ձայնին: Իր ապագայով խիստ մտահոգուած այլ վարժարանի մը ութերորդ դասարանցի աշակերտուհի մը եկեր էր բողոքի ցոյցին իր հետ բռնած ունենալով «Պէտք է մտահոգուիմ ո՛չ միայն ապագայ քոլէճիս այլեւ ապագայ դպրոցիս համար նաեւ» ցուցատախտակով (“I should be worrying about my future college, not my future high school!”), ըստ երեւոթին այդ աշակերտուհին կ’արտայայտէր իր եւ այլ հայկական նախակրթարաններու կամ ութամեայ դպրոցներու աշակերտութեան մտահոգութիւնը:
Այլ ցուցատախտակներու վրայ գրուած էին. «Մենք պիտի չձուլուինք», «Փրկեցէ՛ք մեր վարժարանը» լոզունգները (We Will Not Assimilate,” and “Save Our School!”): Ըստ բողոքի ցոյցի օրուան բուռն ընդդիմութեան խիզախ առաջնորդուհի Մարօ Նաճարեան Եագուպեանի առնուած որոշումը համազօր է «նոր օրերու ազգային մաքրազտման» (ethnic clinsing): Նոյն հաւաքին վարժարանի հայերէնի, կրօնի եւ երաժշտութեան ուսուցիչ Պարգեւ Վրդ. Կիւլիւմեանին, «պէտք է ամուր կերպով թիկունք կենանք եւ պայքարինք ամէն մի հայկական վարժարանի գոյութեան համար՝ առանց որեւէ քաղաքական նկատառումներու»:
Սովորական դարձած որոշում մը եւս
Շատեր չեն զարմանար ՀԲԸՄ-ի դպրոց փակելու հերթական որոշման վրայ պարզ այն պատճառով, որ այդպիսիները լաւ կը յիշեն որ արդէն քանիերորդ անգամն ըլլալով ՀԲԸՄիութիւնը յատկապէս վերջին տասնամեակներուն իրարու ետեւէ որոշումներ առնելով փակած էր իր հովանիին տակ գտնուող հայկական դպրոցներ՝ Քանատայէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ Աւստրալիա: Քիչ թէ շատ ոեւէ լրջամիտ մարդ պիտի նշմարէ թէ ՀԲԸՄ-ի վերջին տսնամեակներուն «ընտրուած» նախագահներու եւ անոնց գործակից Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու կողմէ որոշակիօրէն կանխատածուած քայլերը իսկական պատճառներն են դպրոցներու փակման այս տխուր փաստերուն: Թուած ըլլալու համար կարգ մը դպրոցներ յիշենք Թորոնթոյի ՀԲԸՄ-ի վարժարանը, Պոսթոնի Ս. Յակոբ վարժարանը, Աւտրալիոյ Ալեքսանդր վարժարանը, ՀԲԸՄ-ի մեծագոյն նուաճումներէն մէկը հանդիսացած Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը՝ միակ գիշերօթիկ ու հռչակուած դպրոցի փակումը, ապա նաեւ Լիբանանի մի քանի վարժարաններու եւ այս օրերուն ալ ՀԲԸՄ Վ. Եւ Թ. Մանուկեան Վարժարանի փակումը: Առ ի տեղեկութիւն յիշենք նաեւ թէ՝ Տիթրոյթի Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան վարժարանը դարձաւ charter տեսակի դպրոց, որպէսզի պետական պիւտճէէն օգտուին տարեկան ծախսերը փակելու համար, այս պատճառով ալ սոյն վարժարանը հազիւ փրկուեցաւ փակուելէ, թէեւ աշակերտութեան զգալի մէկ մասը հայեր չեն:(**)
Տողերուս հեղինակի ականջին մէջ տակաւին կը հնչեն 1990-կան թուականներուն Միութեան նախագահութիւնը ստանձնած լուսահոգի Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի խօսքերը, որոնք հնչեցին ԱՄՆ-ի ՀԲԸՄիութեան վարչութիւններու ատենապետներու խորհրդակցութեան ատեն Միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, Նիւ-Եորք: Ան յստակօրէն ըսաւ թէ մեր հայրենիքը կը պարզէ այնպիսի վիճակ մը, որ կը թելադրէ մեզի մեր ուժերն ու օգնութիւնները առաւելաբար կեդրոնացնել Հայաստանի շուրջ:
Սա ինքնըստինքեան կը յուշեր այն մասին որ ՀԲԸՄիութիւնը կը խորհդածէր յատկացումներու նոր ծրագիրներու վրայ: Այն ատեն մեզմէ ոմանք բնազդօրէն փորձուեցան մտածել թէ նիւթական օգնութիւններու այլ ուղղութեամբ տարուիլը պիտի վնասէ կարգ մը ծրագիրներու իրականացման: Եւ շատ չուշացաւ այդ մտահոգութիւններու կամաց կամաց իրականացումը: Արդարեւ այդ տարիներուն սկսաւ յաճախակի հնչել Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան շուրջ մտահոգիչ լուրերը, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիճեան վարժարանը բարձրացուց կրթաթոշակները, Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանն ու Դարուհի Յակոբեան վարժարանները «ամուսնացուեցան» եւ այլ: Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ Երեւանի Ամերիկեան Համալսարանի (AUA) ծախսերուն մասնակցութիւնը, եկեղեցիներու եւ Ս. Էջմիածնի հետ առնչուող շինարարական աշխատանքներուն բերուած առիւծի մասնակցութիւնը:
Վերոյիշեալ Նիւ-Եորքեան խորհրդաժողովէն կարճ ատեն մը առաջ արդէն դադրեցուած էր Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մէջ հռչակ վայելող ՀԲԸՄ-ի քառաձայն երգչախումբի գործունէութիւնը (խմբավար՝ Հենրիկ Անասեան, այժմ տարիէ մը ի վեր վերակագնուած)՝ միշտ պատճառաբանելով ծախսերուն չդիմանալու պարագան, ապա հրապարակէն հանուեցան այնքան ժողովրդականութիւն վայելող ՀԲԸՄ-ի Նաւասարդեան խաղերը, որոնք այնքան խանդավառութեամբ կը նշուէին եւ այնքա՜ն երիտասարդներ կը հաւաքագրէին Միութեան շուրջ (այժմ այդ նախաձեռնութիւնը անցած է ՀՄԸՄ-ին):
Ո՞ւր կ’երթայ Պօղոս Նուպար Փաշայի, Զարեհ Նուպարի, Կիւլպէնկեանի, Քարակէօզեանի եւ Ալեք Մանուկեանի ղեկավարած ՀԲԸՄ-ը
Հարց կու տանք այս բոլորէն ետք՝ ո՞ւր պիտի հասնի այս նահանջը: ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը ոչ մէկ նահանջ կը տեսնէ իր գործունէութեան մէջ եւ անոր դիմաց կը բերէ իր արձանագրած յաջողութինները Հայրենիքի եւ Արցախի մէջ (՞), կը ներկայացնէ իր հաստատած կրթաթոշակներով ու յատկացումներով ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու մէջ յետ համալսարանական կրթութիւն ու մասնագիտութիւն ստացած (post graduate) երիտասարդներու ասպարէզային յաջողութիւնները (կարդալ AGBU The Insider պարբերաթերթը): Աստեղ նշենք թէ այդ յատկացումները մէկ մասն են միայն պահանջուած կրթաթոշակներու եւ այլ ծախսերու: Միութիւնը կը նշէ նաեւ թէ տակաւին կը շարունակէ սատար կենալ կարգ մը ազգային հաստատութիւններու:
Վերը թուարկուածները նորութիւններ չեն. համահայկական այս պատկառելի Միութիւնը միշտ մասնակցած է հայութեան նիւթական կարիքներուն դեռ «մի բան էլ աւելի», հետեւաբար ինքնապաշտպանութեան համար կարիք չկայ թուելու զանոնք, ուրեմն կը հակուինք մտածելու թէ՝ կա՛մ ՀԲԸՄիութիւնը փոխած է իր օգնութեանց նախապատուութեան շարքը եւ սկսած է մտածել նիւթական շահաբերութեան տեսանկիւնէն եւ կա՛մ կը գտնուի նիւթական նեղ կացութեան մէջ: Իսկ մեր դիտարկումներն ու վերլուծութիւնները արդէն մեզ կը յուշեն թէ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ղեկավար անդամներէն շատեր, ներառեալ ներկայի եւ նախորդ նախագահները կը ղեկավարուին զուտ ամերիկեան չոր շահադիտական մօտեցումով ու հոգեբանութեամբ, այսինքն՝ դադրեցնել այն յատկացումները, որոնք նիւթական շահ չեն բերեր եւ «բեռ են» Միութեան վրայ: Կար ատեն մը, երբ ՀԲԸՄիութեան Շրջանային վարչութիւնները կ’ընտրուէին անդամակցութեան քուէներով կամ փոխգիրներով (proxy), այսինքն կը գործէր անդամակցութիւն եւ անդամներու ձայն տալու սկզբունքը, որուն պարագային անդամակցութիւնը իր արդար տեղը կ’ունենար Միութեան որոշումներուն մէջ: Ըսել կ’ուզենք թէ այդ երանելի տարիներուն ՀԲԸՄիութիւնը աւելի ժողովրդական (տեմոկրատական) կազմակերպութիւն մըն էր: Միութեան բազմաթիւ անդամներ հակառակ որ ընդդիմացեր էին անդամակցութեան անհրաժեշտութինը չէզոքացնելու այս քաղաքականութեան, մինչեւ օրս տակաւին իրաւամբ կը պնդեն իրենց տեսակէտին վրայ, բայց այդ պնդումները կը շարունակուին հաշուի չառնուիլ: Ուրեմն ի՞նչ՝ մի խումբ մարդի՞կ կ’որոշեն արդեօք Միութեան առնելիք քայլերն ու քաղաքականութիւնը: Ըստ էութեան այդպէս է իրականութիւնը: Մեզի կը մնայ մտածել թէ՝ այս համահայկական Մեծ Միութիւնը կը գտնուի նահանջի ու գահավիժումի ընթացքին մէջ: ՀԲԸՄ Մեծ Միութիւնը այժ վերածուած է հաստատութեան մը կամ հիմնարկի մը (foundation):
Պահն է զգաստանալու:
(*) Հեղինակը Պէյրութի ՀԲԸՄիութեան Յովակիմեան-Մանուկեանի վարժարանէն է, շուրջ քառասուն տարուայ ուսուցչական եւ մանկավարժական վաստակ մը կը վայելէ Կիպրոսի Մելգոնեան գիշերօթիկէն մինչեւ ԱՄՆ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վրժ., Երուսաղէմ՝ որպէս «Սիոն»ի խմբագիր եւ Ընծայարանի դասախօս:
(**) Տես՝ «Նոր Օր» շաբաթաթերթ, 21 Նոյեմբեր 2019, Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան «Չարթըր վարժարաններու…»:
Նշում.- Յաջորդ առթիւ պիտի անդրադառնանք նաեւ հազարաւոր հայ ծնողներու հանրային վարժարան ղրկելու նախընտրութեան եւ կամ ստիպողականութեան: