ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Միր» պատկերասփիւռի ընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները մէկ տարիէն իրականացնելու որոշման:
Վարչապետը ընդգծեց, որ այդ քայլին գացած են միւս քաղաքական ուժերուն ժամանակ տալու համար:
«Մեր գլխաւոր նպատակն է եղել հաւասար պայմաններ ստեղծել բոլոր քաղաքական ուժերի համար, քանի որ քաղաքական ուժերի մեծ մասը ընդհանրապէս չէին սպասում, որ նման բան տեղի կ՛ունենայ Հայաստանում: Մենք, իհարկէ, ցանկանում ենք յաղթել ընտրութիւններում, եւ մենք կ՛աշխատենք այդ ուղղութեամբ, պարզապէս մենք ցանկանում ենք նաեւ ժամանակ տալ միւս կուսակցութիւններին, որպէսզի նրանք հնարաւորութիւն ունենան պատրաստուել ընտրութիւններին», ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետը նաեւ անդրադարձաւ կաշառակերութեան հարցին՝ նշելով, որ անիկա գլխաւոր դժբախտութիւններէն եւ հարցերէն մէկն է, որ թոյլ չէ տուած Հայաստանին զարգանալու այնպէս, ինչպէս հնարաւոր էր:
«Իհարկէ, մենք կը շարունակենք այդ պայքարը, եւ իհարկէ, համոզուած եմ, որ մենք մեծ արդիւնքներ կ՛ունենանք: Այս ամբողջ ընթացքում դրական եւ մեծ փոփոխութիւնների յաղթանակը մարդկանց գիտակցութեան մէջ է: Կարծում եմ, որ այս գործընթացն արդէն անդառնալի է», ըսաւ Փաշինեան: