Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի օժանդակութեան համար նախատեսուած միջազգային խորհրդաժողովը: Խորհրդաժողովին մասնակիցները արձանագրեցին, որ Լիբանանի կայունութեան վերաբերաել իրենց յանձնառութիւնը կապուած է թիւ 1701 բանաձեւին եւ անոր հետ առնչուած այլ բանաձեւերու գործադրութեան մէջ: Ժողովականները միաժամանակ հաստատեցին Սուրիոյ հակամարտութեան ծանր հետեւանքները Լիբանանի վրայ: Անոնք շեշտեցին Ապահովութեան Խորհուրդի 10 Օգոստոսին հրապարակած յայտարարութիւնը, որուն մէջ կը թելադրուի Լիբանանին օգնութեան ձեռք մեկնելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի յաղթահարէ մարտահրաւէները:
Խորհրդաժողովին մասնակիցները խոստացան հաւաքական ճիգերով զօրակցիլ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, սահմանադրական կառոյցները պաշտպանելու ճիգերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանը դուրս բերելու Սուրիոյ հակամարտութեան հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակէն: Անոնք խոստացան մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթել գաղթականներուն, միաժամանակ տնտեսապէս օժանդակել լիբանանեան կառավարութեան: Խորհրդաժողովին մասնակիցները պահանջեցին նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը՝ երկրին դիմագրաւած դժուարութիւնները յաղթահարելու նպատակով: Լիբանանի Բարեկամներու հովանաւորութեամբ Նիւ Եորքի մէջ ՝ Լիբանանի օժանդակութեան համար տեղի ունեցող միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին, հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սըլէյման միջազգային ընտանիքէն պահանջեց իրենց ազդեցութիւնը բանեցնել, որպէսզի լիբանանեան խմբաւորումները միջամուխ չդառնան Սուրիոյ հակամարտութեան եւ յանձնաաառու մնան Պաապտայի Յայտարարութեան: Սըլէյման շեշտեց թիւ 1701 բանաձեւի գործադութեան շարունակութիւնը եւ պահանջեց զօրացնել լիբանանեան բանակին պաշտպանունակութեան կարողութիւնները: Ան նաեւ արդար եւ ամբողջական լուծում մը մաղթեց արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան: Սըյէյման դատապարտեց ահաբեկչութիւնը, փոխարէնը՝ յաւելեալ ուշադրութիւն եւ օժանդակութիւն պահանջեց ցուաբերել Լիբանանի սահմանադրական կառոյցներուն հանդէպ: Խորհդաժողովին մասնակից բոլոր պետութիւնները խոստացան զանազան միջոցներով օգնութեան ձեռք մեկնել Լիբանանին:
Ուաշինկթընի մօտիկ աղբիւրներ հաւաստեցին, թէ նախագահ Պարաք Օպամա զուտ մարդասիրական մտահոգութիւններով կը մօտենայ Լիբանանին: Ուաշիկթըն մտադրութիւն չունի քաղաքական որեւէ միջամտութիւն կատարելու ներլիբանանեան բեմէն ներս, բաւարարուելով նախագահ Միշէլ Սըլէյմանի Պաապտայի Յայտարարութեան գործադրութեամբ:
Միւս կողմէ Պաապտայի պալատէն յայտնեցին, թէ նախագահ Միշէլ Սըլէյման յառաջիկայ Երեքշաբթի առաւռտեան միօրեայ այցելութիւն մը պիտի կատարէ Սէուտական Արաբիա:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս դիտել տուաւ, թէ Լիբանան անմիջականօրէն կը կրէ Սուրիոյ հակամարտութեան հետեւանքները: Նախարարը շեշտեց, թէ Ֆրանսա պիտի մնայ Լիբանանի օրինական իշխանութիւններուն, անկախութեան եւ գերիշխանութեան զօրավիգ: Ֆապիւս, քաջալերեց քաղաքական հատուածներու միջեւ երկխօսութիւնը եւ մաղթեց չուշացնել նոր կառավարութեան կազմութիւնը: