ՆԻՒ ՃԸՐԶԻ.- «Ռաթկըրզ» համալսարանի հրատարակչատունէն լոյս տեսաւ առաջին անգամ Պոլսոյ մէջ, 1910-ին հրատարակուած՝ Գրիգոր Պալաքեանի «Անիի Աւերակները» հատորին անգլերէն թարգմանութիւնը։
Փիթըր Պալաքեանի եւ Արամ Արքունի կողմէ թարգմանուած՝ «The Ruins of Ani: A Journey to Armenia՛s Medieval Capital and its Legacy» («Անիի Աւերակները. Պտոյտ Մը Դէպի Հայաստանի Միջնադարեան Մայրաքաղաքը Եւ Անոր Ժառանգութիւնը») հատորը իր մէջ ունի բնագիրին մէջ լոյս տեսած 33 սեւ-ճերմակ լուսանկարները, ինչպէս նաեւ երկվեցեակ մը գունաւոր լուսանկարներ, որոնք առնուած են քաղաքին վերջին տասնամեակի պատմութենէն։ ԱՆգլերէն թարգմանութեան նախաբանը գրած է «Փուլիցըր» մրցանակին արժանացած բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեան, որ Գրիգոր Ծ. վրդ. Պալաքեանի զարմիկն է։
Յիշեցնենք, որ «Անիի Աւերակները» հատորին հրատարակութենէն քանի մը տարի ետք, Գրիգոր Պալաքեան եղած էր մէկը այն մտաւորականներէն, որոնք ձերբակալուած էին 24 Ապրիլ 1915-ին, որմէ ետք իր փորձառութիւնները գրի առած էր «Հայ Գողգոթան» հատորին մէջ։