Չորեքշաբթի 13 Փետրուար 2019-ին, կ.ե. ժամը 7:00-ին, Նիկոսիոյ Ալֆա ցուցահանդէսին մէջ՝ տեղի ունեցաւ տաղանդաւոր արուեստագէտ Նիքոլ Պերժոն Պուլտուքեանի քանդակներու եւ գծանկարներու ցուցահանդէսին բացումը, որ խորհրդանշականօրէն կը կրէր՝ «Թեթեւութիւն եւ վայելչագեղութիւն» անուանումը, ներկայութեամբը արուեստագէտ եւ արուեստասէր հայ թէ օտարազգի հասարակութեան մը:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարեց Կիպրոսի մօտ Լիբանանի դեսպան՝ Վսեմաշուք Տիկ. Քլոտ Էլ Հաժալի, որ հակիրճ կերպով ներկայացուց արուեստագէտին անցած ճանապարհը եւ արուեստը: Արդարեւ, Նիքոլ Պերժոն Պուլտուքեան ծնած է Ֆրանսա եւ այժմ կ’ապրի Պէյրութ, Լիբանան, որպէս կողակիցը յայտնի տնտեսագէտ Պրն. Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեանի, հետեւաբար իր գործերը առաւելաբար ցուցադրուած են իր զոյգ հայրենիքներուն մէջ՝ Ֆրանսայի եւ Լիբանանի մէջ: Ան յատկապէս նշեց արուեստագէտին գեղարուեստական բնածին հզօր հակումը, որ արտայայտութիւն գտեր էր, առաջին հերթին, սիրողական մակարդակով, յետոյ արդէն՝ ջերմօրէն գնահատուեր էր արուեստագէտ ու արուեստասէր խստապահանջ հանրութեան կողմէ: Գեղանկարիչ եւ քանդակագործ Նիքոլ Պերժոն Պուլտուքեան՝ իր ստեղծագործական կեանքի սկզբնաւորութեան, իր գործերուն առանցքը դարձուցեր էր բնութեան տարրերը, ծառերէն մինչեւ անասուններ եւ այլ, յետոյ տակաւ կեդրոնացեր էր ֆիկիւրային կամ անձնաւորուած թեմաներու շուրջ: Վսեմաշուք դեսպանուհին իր խօսքը եզրափակեց, ըսելով որ արուեստագիտուհիին իւրաքանչիւր գործը կը մեկնաբանուի ըստ դիտողին ընկալումին ու մեկնաբանութեան, ըստ անոր երեւակայութեան:
Զոյգ սրահներու մէջ, արուեստի առթած մոգականութեամբ կը շնչէին շուրջ 17 մեծաւ մասամբ պրոնզեայ քանդակներ, որոնք կը կերպաւորեն մերթ առասպելային կամ դիցաբանական անձնաւորութիւններ, ինչպիսիք են Աֆրոտիթէն կամ Հելէնան…մերթ ալ հոգեվիճակ մը, ինչպէս սէրը, սիրող զոյգը եւ այլ, որոնք կը տպաւորեն դիտողը իրենց գիծերու նրբութեամբ, արտայայտչականութեամբ, շարժունակութեամբ…, յագեցած ժամանակակից շունչով ու ոճով: Նոյնքան տպաւորիչ են իր գծանկարները՝ ածխամատիտով նկարուած՝ սեւ ու սպիտակ, որոնք կ’ընկալուին ըստ դիտողին երեւակայութեան թռիչքին:
Տաղանդաւոր արուեստագիտուհին ցարդ հանրութեան ներկայացած է 12 անհատական ցուցահանդէսներով՝ Ֆրանսայի, Լիբանանի քաղաքներուն մէջ եւ այլուր, եւ ներկայիս՝ Կիպրոսի մայրաքաղաք, Նիկոսիոյ մէջ: Ան նաեւ մասնակցած է 12 խմբային ցուցահանդէսներու:
Նիքոլ Պերժոն Պուլտուքեանի հետ զրուցելով, կ’իմանանք որ ան շատ աշխոյժ եւ կենսունակ ստեղծագործող է, որ կը մտածէ, կը զգայ, կը խոկայ եւ կը խօսի իր գործերուն ընդմէջէն, ամենայն անկեղծութեամբ եւ հարազատութեամբ:
Բազմատաղանդ արուեստագիտուհիին կը մաղթենք ստեղծագործական անսպառ եռանդ ու կորով եւ նորանոր ներշնչումներ ու յաջողութիւններ:
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ- Azad Khosk