Ինչպէս ծանօթ է, պոլսահայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, վերջերս, հարցազրոյցի մը առթիւ զգայացունց յայտարարութիւն մը կատարելով՝ ըսաւ, որ եւրոպաբնակ որոշ Հայերու եւ Ալեւիներու դէմ թրքական ազգայնականներու կողմէ մահափորձերու շարքի նախապատրաստման մասին լուրջ տեղեկութիւններ ստացած են: Այնուհետեւ, ան յայտարարեց նաեւ, որ այդ տեղեկութիւնները հաստատուած են նաեւ գերմանական իշխանութիւններուն կողմէ:
Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեան, որ քանի մը ամիս առաջ փախած էր թրքական բանտէն եւ հաստատուած՝ Յունաստանի Սամոս կղզին, Twitter-ի իր պաշտօնական էջին վրայ մեկնաբանած է այս յայտարարութիւնը: Ան գրած է, որ Փայլանի հաղորդած տեղեկութիւնները արժանի են յատուկ ուշադրութեան ու ուսումնասիրութեան: «Կարօ Փայլանի հարցազրոյցը կը պարունակէ տեղեկութիւններ, զորս պէտք է կարդալ առնուազն 3-4 անգամ եւ շատ ուշադրութեամբ: Եթէ Կարոյին տեղը ըլլայի` առանց ժամանակ կորսնցնելու կը լքէի երկիրը»,- գրած է Նշանեան` նկատի ունենալով, որ այդ տեղեկութիւններու հրապարակումով Փայլան վտանգի կ՚ենթարկէ նաեւ իր իսկ անձը:
Սաֆրաստեան համակարծիք է Նշանեանի հետ
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմ նարկի տնօրէն, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան Panorama.am-ի թղթակ ցին հետ զրոյցին՝ անդրադառնալով Փայլանի յղուած Նշանեանի յանձնարարութեան, ըսած է. “Թուրքիայի գործող իշխանութիւններէն կարելի է եւ պէտք է ամէն բան սպասել, որովհետեւ անոնք ցոյց տուած են, որ կը դիմեն պատժիչ գործողութիւններու, բռնաճնշումներու՝ հաշուի չառնելով համաշխարհային հասարակական կարծիքը, նոյնիսկ իրենց դաշնակիցներու մօտեցումները”։