ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Հայաշխարհը այսօր կը պատրաստուի նշել Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը: Քայլարշաւներ, բողոքի ցոյցեր, ակադեմական նախաձեռնութիւններ, քաղաքական ձեռնարկներ, երիտասարդական-ուսանողական համախմբումներ կը կազմակերպուին ամէնուրեք: Թշնամիին եւ բարեկամին պատգամներ հասցէագրելու, հայութեան պահանջատիրական պոռթկումը արտայայտելու առիթ եղած են Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումի ամեակները: Անտարակո՛յս յիշարժան եւ անկիւնադարձային կը մնան 50-ամեակի եւ 100-ամեակի նշումները:
Եթէ 50-ամեակը հանդիսացաւ դարձակէտային փուլ` Հայ դատի քաղաքականացման ու մեր պահանջատիրական երթի վճռակամօրէն դրսեւորման առումով, 100-ամեակը, իր կարգին, հայութեան պահանջատիրութեան համապետականացման տարողութեամբ եւ Համահայկական հռչակագիրի որդեգրումով բացաւ հայրենակեդրոն աշխատանքի նոր հորիզոններ` Հայ դատի տասնեակ տարիներու ձեռքբերած Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը յաւելեալ ուժականութեամբ ամրագրելով ու հայութեան արդար իրաւունքներու հետապնդումը սահմանադրական ու իրաւական պետական կենսական բաղադրիչներով համալրելու:
109-ամեակը այսօ՛ր, պարտաւոր ենք վերածել համահայկական ու համազգային նոր երթի կարեւոր մեկնարկի:
Հայաստանն ու հայութիւնը կը գտնուին ճակատագրական, ճգնաժամային ու ողբերգական աննախընթաց կացութեան դէմ յանդիման: Ժամանակակից այս փուլին, դարձեալ ենթարկուած ենք ցեղասպանութեան, կորսնցուցած մեր հայրենիքի կարեւոր մէկ մասը, հայաթափուած է Արցախը, նորէն տեղահանուած մեր ժողովուրդը ու տակաւի՛ն, այս օրերուն, կ՛ապրինք ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունեցող Հայաստանի շրջաններու թշնամիին կողմէ զաւթումի սպառնալիքին տակ: Վտանգուած է հայութեան պատմական հայրենիքի մնացորդացը:
Իրերու այս կացութեան մէջ Հայաստանի իշխանութիւնները` փոխանակ կասեցնելու պարտուողական ու անձնատուութեան թաւալգլոր ընթացքն ու վարքագիծը, օր ցերեկով լծուած են պարտութիւնը ամրագրելու եւ պարտուողական հոգեբանութիւնը արմատացնելու հանրութեան հոգեկերտուածքին մէջ` յանուն, այսպէս կոչուած, «խաղաղ ու բարգաւաճ Հայաստան»-ի: Իւրաքանչիւր օր կը խորանայ նաեւ ներազգային պառակտումը` հայութեան տարբեր հատուածներուն միջեւ, եւ աւելի՛ն Հայաստանի իշխանութիւնները չեն վարանիր հայութեան արդար եւ պատմական իրաւունքներու պաշտպանութեան գործընթացը նկատել սպառնալիք, այսօրուան հայրենիքի գոյութեան ու պատերազմի ահաւորութիւնն ու սարսափը շեփորելով` պահանջատէր ազգը կը փորձեն վերածել անդիմագիծ ամբոխի:
Առ այդ` այսօր վերսթափումի ու վերազարթօնքի համընդհանուր պոռթկումը հարկ է դառնայ Հայոց ցեղասպանութեան նշումը կենսաւորող հիմնական ուղենիշը:
Այո՛, աւելի ու աւելի ուժեղ եւ վճռակամ: Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ Պիքֆայա եւ սփիւռքի բոլոր համայնքներուն մէջ հրամայական անհրաժեշտութիւն է, որ միասնակամութիւնը ճառագայթէ հայոց երկնակամարին վրայ` տալով նոր յոյսի, նոր պահանջատիրական երկունքի ու համազգային նոր աշխատանքի ազդանշանը:
Վերջապէս, Հայ դատի հետապնդման ջահակիր` լիբանանահայ գաղութը ունի յաւելեալ պարտաւորութիւն հայութեան ապրած այս բախտորոշ փուլին իր ձայնը լսելի դարձնելու համայն աշխարհին:
50-ամեակի եւ 100-ամեակի ոգեկոչումները օրին իրենց տարողութեամբ եւ հնչեղութեամբ նոր դրոշմ մը դրին լիբանանահայութեան ծաւալած պահանջատիրական երթին մէջ: Այսօր նաեւ այդ միակամ ու յանձնառու դրսեւորումը անհրաժեշտ է կրկին ճառագայթէ:
Չմոռնանք նաեւ` ա՛յս պարագային, համայնքի քաղաքական նշանակութիւնն ու դերակատարութիւնը պէտք է մնան անխախտ, եւ իբրեւ այդպիսին ուժական ու միակամ աշխատանքը պէտք է դարձնել հիմնական կիզակէտ:
Հարկ է ունենանք այն ամուր գիտակցութիւնն ու համոզումը, որ իւրաքանչիւր անհատի բացակայութիւնը յաւելեալ փամփուշտ մըն է` տրուած ընծայ թշնամիին, ու յաւելեալ քայլ մը` զիջումի ու պարտուողականութեան:
Պէտք է առաջնորդուիլ այն համոզումով, որ հայ ազգը չէ պարտուած:
Հետեւաբար, 23 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին պիտի քալենք միասնաբար` անցեալի ուժականութեամբ ու ապագայի փալուն տեսիլքով:
Պիտի քալե՛նք յաղթանակի ոգիի վերընձիւղման համար:
Պիտի քալե՛նք ամբողջական հայութեամբ, ամբողջական Հայաստանի երազն ու տեսլականը անմար պահելու համար:
Պիտի քալե՛նք Հայաստանի ու Արցախի համար:
Պիտի քալենք մեր հայու գոյութեան երաշխիքներուն պաշտպանութեան համար:
Պիտի քալե՛նք նորահաս սերունդներու հայավայել, արժանավայել ապագային համար:
Իւրաքանչիւրիս համար այսօրուան նշանաբանը պէտք է դառնայ նոյնը`
ՆԵՐԿԱ՛Յ` ՔԱՅԼԱՐՇԱՒԻՆ: