«Ազդակ»-ի 54-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2022-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին: Դասախօսեց Հայաստանի ազգային գիտութիւններու ակադեմիայի պատմութեան բաժնի հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան բաժնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեան` նիւթ ունենալով եռակողմ յայտարարութեան իրաւաքաղաքական գնահատականը եւ հետեւանքները: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դոկտ. Մարուքեան միջազգային օրէնքի եւ օրինաչափութիւններու պարունակին մէջ ներկայացուց նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան հակաիրաւական կէտերը:
Իրաւագիտական մօտեցումով եւ միջազգային օրէնքներու մէջբերումով դասախօսը կէտ առ կէտ խօսեցաւ իրաւական խախտումներուն մասին` ընդգծելու համար յայտարարութեան հակաիրաւականութիւնը:
Դոկտ. Արմէն Մարուքեան հաստատեց, որ եթէ այս փաստաթուղթը կարճաժամկէտ առումով որոշակի առաւելութիւն տուաւ միջնորդին` Ռուսիոյ, որ իր զինուժը կարենայ տեղակայել Արցախի հանրապետութեան տարածքին վրայ, ապա պէտք է արձանագրել, որ այդ զինուժի թիւը Արցախի հանրապետութենէն դուրս մնացած տարածքներուն վրայ չի կրնար իրականացնել խաղաղապահութիւն եւ առանց Արցախի պաշտպանութեան բանակին կամ հայկական զինեալ ուժերուն չի կրնար ապահովել բնակչութեան ապահովութիւնը: Մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ նախքան պատերազմը 40.000-նոց հայկական զինեալ ուժեր կը պահէին Ազրպէյճանի հետ շփման գիծը: Հիմա խնդիրը շատ աւելի բարդ է, որովհետեւ ոչ միայն Արցախ-Ազրպէյճանի շփման մասին է խօսքը, այլ Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին, որ քանի մը անգամ երկարած է Ազրպէյճանի հետ:
Դասախօսութեան հետեւեցաւ ներկայ իրավիճակին, քաղաքական իրադարձութիւններուն եւ առնչակից գլխաւոր խաղցողներու միջեւ ընթացող մրցապայքարներուն մասին զրոյց¬քննարկում:
Խիստ շահեկան եւ իրաւագիտական դրոյթներով յատկանշուած այս դասախօսութեան ամբողջական տեսագրութիւնը տեղադրուած է «Ազդակ»-ի կայքին վրայ եւ «Ազդակ»-ի առցանց լսարանները համախմբած եութիուպեան ալիքին վրայ https://www.youtube.com/watch?v=NYgYL4RpZSA&feature=youtu.be