Չորս տարուան ակամայ ընդմիջումէ ետք, Ուրբաթ 26, Շաբաթ 27 եւ Կիրակի՝ 28 Մայիս 2023-ին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը լիբանանահայ հանդիսատեսին ներկայացուց արուեստի բարձրորակ կատակերգութիւն մը՝ «Կասկածը Կնոջ Մտքին Մէջ»:
Ներկայացումին մասին խօսելէ առաջ, կ՛արժէ ամփոփ տողերու մէջ ընթերցողին ծանօթացնել անոր հեղինակը, ֆրանսացի՝ Ժորժ Ֆէյտօն: Ֆէյտօ կը մնայ կեանքի իրականութիւնները, գրաւիչ խարդաւանքները հարազատօրէն մեկնաբանող մեծագոյն հեղինակներէն մէկը: Անոր զաւեշտը բեմականացնելը կը պահանջէ մեծ հմտութիւն:
Նոր ուժերով համալրուած «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը, Երեւանի Գեղարուեստա-թատերական Ինստիտուտէն վկայեալ բեմադրիչ Վաչէ Տօներեանի գլխաւորութեամբ, ցոյց տուաւ, որ ատակ է ներկայացնելու որակաւոր գործեր: Շնորհալի բեմադրիչ Վաչէ Տօներեան փնտռուած եւ ծանօթ անուն մը դարձած է լիբանանահայ թատրոնի օրագրութեան մէջ: Տարբեր թատերախումբերու հետ անոր գործակցութեան, բեմադրութիւններուն ցանկը փորձառութեան հարուստ աւանդ մը փոխանցած է երիտասարդ բեմադրիչին:
Ընդամէնը չորս ամսուան ընթացքին պատրաստուած այս ներկայացումը իր որակեալ բեմադրութեամբ եւ փայլուն խաղարկութեամբ արժանացաւ հանդիսականներուն ամենաբարձր գնահատանքին:
Նշենք, թէ սոյն բեմադրութիւնը «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի հիմնադրութենէն ի վեր՝ 1959, անոր 58-րդն է: Անցնող վաթսուն եւ չորս տարիներուն ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի « Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը մնայուն ներկայութիւն եղած է Լիբանանի բեմերուն վրայ, իր որակաւոր ներկայացումներով: Հանդիսատեսը միշտ հիացած է թատերախումբին ներկայացումներուն, քաջ գիտնալով որ անոր դերասանական կազմին մեծամասնութիւնը եղած են ոչ արհեստավարժ կամաւորներ:
Ներկայացման «Կալա»ն տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 26 Մայիս 2023-ի երեկոյեան: Հոծ բազմութիւն մը գրաւած էր սրահին բոլոր աթոռները: Թատերախումբին վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Թէլվիզեան, բարի գալուստի իր խօսքին մէջ ուրախութիւն յայտնեց, որ չորսամեայ ակամայ դադարէ մը ետք, թատերախումբը երիտասարդ եւ խոստմնալից ուժերով կը բարձրանար բեմ: Ան խոստացաւ վառ պահել վարչութեան երկարամեայ ատենապետ Տրդատ Աւետիքեանի եւ երբեմնի բեմադրիչ Երուանդ Ղազանչեանի յիշատակը: Իր խօսքի աւարտին, Մարօ Թէլվիզեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, մասնաճիւղերուն եւ բոլոր հաստատութիւններուն, կառոյցներուն որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին ելոյթներուն յաջողութեան:
Հանդիսատեսը, ներկայացումին առաջին իսկ վայրկեանէն մինչեւ աւարտը կուշտ ու կուռ խնդաց Ֆէյտոյի կերպարներուն ստեղծած կացութիւններով: Արագ զարգացումներով, հիւմրով եւ բառախաղերով հարուստ արտայայտութիւնները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին սրահին մէջ: Բեմին վրայ համակրելի եւ առոյգ սիրահարներ ազատ կ՛երթեւեկէին խղճալի ամուսիններու աչքին առջեւ: Սակայն պէտք է ըսել, որ ակնարկները, ապրումները եւ շարժումները զուսպ էին:
Գեղեցիկ բեմայարդարումով պատրաստուած բեմին վրայ, զատամտութեան անուան տակ, մարդկային թուլութեան եւ նկարագիրի բացայայտում՝ այր ու կին ընտանեկան վէճեր, անվստահութեան մթնոլորտ, դաւաճանութիւն հարազատօրէն մատուցուեցան դերասաններէն եւ բեմադրիչէն:
Այստեղ կը կայանայ նաեւ շնորհալի բեմադրիչ Վաչէ Տօներեանի ճարտարութիւնը, ուր ծիծաղով կը բացայայտէ մարդկային ընկերութեան բնազդային կողմերը:
Տասն եւ չորս դերասան-դերասանուհիներ, մեծամասնութեամբ՝ երիտասարդ, շնորհալի դերակատարութեամբ յաջողեցան ներկայացնել իրենց կերպարները: Ներկայացումին յաջողութիւնը շատ բան կը պարտի անոնց փայլուն խաղարկութեան: Իւրաքանչիւրը հարազատօրէն իւրացուցած էր իր կերպարը: Մի մոռնաք, որ բեմին վրայ դերակատարները սիրողական մակարդակով կամաւորներ են…:
Դերակատարները, բոլորը երիտասարդ եւ խոստմնալից ուժեր: Փորձառու Յարութ Թորոսեանի, Եղիկ Աւետիքեանի, Յովակիմ Քէշիշեանի կողքին, նոյնքան ջերմ տպաւորութիւն ստեղծեցին Հուրի Պապահէքեանը, Ճորճ Շեքերճեանը, Արմէն Մաճառեանը, Թալին Չաքմաքճեանը, Լուսինէ Տաքէսեանը, Փօլ- Պօղոս Թամուկեանը, Վիգէն Քէօշկերեանը, Լոռի Հովիւեանը, Սթեֆանի Պագալեանը, Սմբատ Ղազէլեանը, Կարօ Գինոյեանը:
Հաւաքական աշխատանքի մը լիարժէք արգասիքն էր ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան թատերախումբին այս յաջողութիւնը:
Կարեւոր իրողութիւն մը՝ ներկայացումին լեզուն ժողովուրդին մատչելի,մաքուր եւ դիւրըմբռնելի արեւմտահայերէն էր:
Վաչէ Տօներեան յաջողած է թատերախումբը թարմացնել նոր եւ երիտասարդ ուժերով
Ջերմապէս կը շնորհաւորենք ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութիւնը, բեմադրիչ Վաչէ Տօներեանը, դերասանական կազմը, կանաչ եւ նորանոր յաջողութիւններով ճանապարհ կը մաղթենք:
Գնահատանքի խօսք վարչութեան ատենապետ Մարօ Թէլվիզեանին, փոխատենապետ, բեմավար եւ նկարահանում՝ Սեւակ Նորշահեանին, ատենադպիր, որմազդի յղացում եւ իրագործում՝ Սմբատ Ղազէլեանին, հանդերձանքներու պատասխանատու՝ տոքթ. Անի Երկանեան- Ղազէլեանին, գանձապահ՝ Տինա Նորշահեանին, քուլիսի եւ բեմի պատասխնատու՝ Ռիթա Ինճիրքոշեանին, երաժշտութեան ձեւաւորում՝ Տօներեան եղբայրներուն:
Անշուշտ, շնորհաւորութեան եւ գնահատանքի մեծագոյն բաժինը կ’երթայ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի վարչութեան, բոլոր միութենականներուն, որոնք անձնազոհաբար, իրենց թանկագին ժամերը եւ բոլոր կարելիութիւնները դրած էին ի սպաս սոյն ներկայացումին յաջողութեան, վկայ՝ թատերասրահին լեցուն աթոռները:
Յարատեւ վերելք եւ նորանոր յաջողութիւններ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՅԳ. «Կասկածը Կնոջ Մտքին Մէջ» կատակերգութիւնը կրնաք վայելել Ուրբաթ 2, եւ Կիրակի 4 Յունիս 2023-ին, Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ, Պուրճ Համուտ: