«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Ֆրանսա հաստատուած հայութիւնը, տարագրութեան շրջանէն դար մը ետք, անակնկալօրէն, օր մը արթննալով՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ գտաւ հայանուն չորս երեսփոխաններ: Բոլորին համար անծանօթ դէմքեր՝ հայե՞ր, ծագումո՞վ հայեր, ֆրանսահայե՞ր, թէ պարզապէս ֆրանսացիներ: Ինչի՞ վերագրել այս անակնկալը: Աւանդական կառոյցներու տարած աշխատանքին անտես ազդեցութեա՞ն: Հայկական կառոյցներէն դուրս՝ ընտանիքներէն ներս հայկական գիտակցութեան փոխանցումի՞ն: Թէ պարզապէս պատահականութեան, կամ շատ աւելի ընդհանրական պատճառի մը՝ համաշխարհայնացման:
Ի՛նչ ալ ըլլան պատճառները, մէկ բան յստակ է. չորս անունները իրենց ընտրութիւնը կը պարտին նախագահ Մաքրոնին, որ ինք եւս մեծ անակնկալ մըն էր ֆրանսական քաղաքական ասպարէզին մէջ: Ան ալ իր կարգին ֆրանսական աւանդական քաղաքական կուսակցութիւններու համակարգէն դուրս եզակի ընտրական երեւոյթ մըն էր, որ յենելով հայանուն այդ չորս թեկնածուներու նման հարիւրաւոր այլ թեկնածուներու վրայ, եւ թեկնածուներէն անդին՝ զօրաշարժի ենթարկելով միլիոնաւոր ֆրանսացիներ, կրցաւ ընտրուիլ Ֆրանսայի նախագահ: Բոլորն ալ հաւատացին անոր առաքելութեան, ընտրեցին զինք, եւ թեկնածուներն ալ ընտրուեցան անոր նման անակնկալօրէն: Երեւոյթը քաղաքական «հրաշք»ի համազօր է: Պիտի դիմանա՞յ ժամանակին՝ ապագան ցոյց պիտի տայ:
Բացի Տանիէլ(ը) Ղազարեանէն, որ Տեսինի նման հայաշատ գօտիի զօրակցութիւնը կը վայելէր, մնացեալ երեք ընտրեալները հայկական համայնքներու զօրակցութենէն զուրկ եղած են: Այսուհանդերձ, չորսն ալ Հայաստանի հանդէպ ստանձնած են իրենց առաջին յանձնառութիւնը՝ անդամակցելով Ֆրանսա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբին, իսկ անոնցմէ Ժագ Մարիլոսեան նոյնիսկ դարձած է խումբին նախագահը, հակառակ ծագումով հայու մը այդ պաշտօնը ստանձնելու անպատեհութիւններուն առնչուած կարգ մը խրատներուն:
Դեկտեմբեր 5ին, հայանուն չորս երեսփոխաններուն հետ առաջին հանրային հանդիպումը կազմակերպուած էր Բարեգործականին եւ «Նուվէլ տ՛Արմէնի» թերթին կողմէ: Անհրաժեշտ ու օգտակար հանդիպում էր: Սակայն, այս եզակի երեւոյթին դիմաց զարմանալի էր հայ համայնքին բացակայութիւնը: Հազիւ 40-50 հոգի ներկայ էր: Ժագ Մարիլոսեան, Նատիա Եսայեան, Տանիէլ(ը) Ղազարեան եւ Կիյոմ Գասպարեան՝ զանազան մասնագիտութեան տէր քաղաքացիներ, որոնք հակառակ ֆրանսական կամ հայկական քաղաքական «էսթապլիշմըն»չին մաս չկազմելուն՝ առանց բարդոյթի ընդառաջացած էին հայ համայնքին հետ հանդիպելու առաջարկին, սակայն, ափսո՜ս, համայնքը կը մնայ սպասման սենեակը:
Քաղաքական դաշտին մէջ նոր էջ մը կը բացուի ֆրանսահայութեան եւ Հայաստանի համար: Որքանո՞վ այս պատեհ առիթը ստանձնելու գիտակցութիւնը առկայ է: Բնականաբար, նոր երեսփոխանները ճանչնալը, անոնց ծրագիրներուն, քաղաքական հայեացքներուն ծանօթանալը, անոնց հետ հայութիւնը հետաքրքրող ծրագիրներ մշակելը՝ նոր հեռանկարներով յղի դաշտ մըն է, որ այդ ուղղութեամբ լուրջ աշխատանք տանելու յանձնառութիւն կը պահանջէ: Ինչպէս որ հանդիպման ատեն չորսն ալ պնդեցին՝ իրենք նախ եւ առաջ Ֆրանսայի քաղաքացի են, անոր ժողովուրդին կողմէ Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ ընտրուած եւ կոչուած են նորոգելու քաղաքական գործելակերպը: Արդեօք պիտի յաջողի՞ն նաեւ վարակել հայ համայնքը իրենց նոր աշխատելակերպով…