Պատրաստեց` Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)
– Ադամեան Ասթրիկ, Մուրատեան Քլեր եւ Փեսչանսքի Տենիս, «Մանուշեան – Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեաններ. Հայոց ցեղասպանութեան՝ Ֆրանսական դիմադրութեան մասնակից որբեր (Manouchian: Missak et Mélinée Manouchian, deux orphelins du génocide des Arméniens engagés dans la Resistance française)», «Թեքսթիւէլ» (Textuel) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 8 նոյեմբեր 2023, 192 էջ (22,7 x 27,7 սմ.) (բազմաթիւ լուսանկարներ, փաստաթուղթեր) (ֆրանսերէն):
– Անթոնիա Արսլան եւ Ֆերարի Ալտօ, «Մեր ժամանակներու մշակութային ցեղասպանութիւնը. Նախիջեւան, Հայկական մշակոյթի եւ պատմութեան ոչնչացումը», «Guerini e Associati» հրատարակչութիւն, Միլանօ, 2023 (իտալերէն):
– «Բաբկէն Չուգասզեան. Երկերի ժողովածու. Հատոր Ա.», երկրորդ՝ լրամշակուած հրատարակութիւն, կազմող եւ խմբագիր՝ որդին՝ Լեւոն Չուգասզեան, Երեւան, 2023, 550 էջ + 24 էջ ներդիր (հեղինակի որդիներուն խօսքը, Բ. Չուգասզեանի կենսագրութիւնը եւ հրատարակուած գործերուն ցանկը, անուանացանկ, անձերու եւ ձեռագիրներու գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ լուսանկարներ): Հրատարակուած է «Գուրգէն Մելիքեանի Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքների հիմնադրամ»ի հոգածութեամբ եւ նուիրատուներու խումբի մը միջոցներով՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի երբեմնի փոխտնօրէն Բաբգէն Չուգասզեանի ծննդեան 100-ամեակի առթիւ:
– Գէորգեան Ռեմոն-Յարութիւն, «Ցեղասպանութիւն մը իր լրումին հասցնել – Մուսթաֆա Քեմալ եւ հայ ու յոյն փրկեալներու բնաջնջումը (1918-1922)» (Parachever un génocide: Mustafa Kemal et l’élimination des rescapés arméniens et grecs (1918-1922)), «Օտիլ Ժագոպ» (Odile Jacob) հրատարակչութիւն, Փարիզ, 23 օգոստոս 2023, 416 էջ (15,4 x 24 սմ.) (ֆրանսերէն):
– «Համազգայինը (Յուշեր, վկայութիւններ, խորհրդածութիւններ եւ մտածումներ)», Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2023 (Համազգայինի Լիբանանի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 95-ամեակին առթիւ 53 երեւելի դէմքերու խօսքերու ժողովածու):
– Մանուշեան Մելինէ, «Մանուշեան. Վկայութիւն ըստ անտիպ բանաստեղծութիւններու, նամակներու եւ փաստաթուղթերու» (Manouchian: Témoignage suivi de poèmes, lettres et documents inédits), «Փարանթեզ» (Paranthèses) հրատարակչութիւն, Մարսէյ, 256 էջ (16,5 x 23 սմ.) (լուսանկարներ) (ֆրանսերէն):
– Նորշէն Հրանդ, «Հայերը Ֆրանսայի հողին վրայ» (Les Arméniens en terre de France), «Գիրք փապլիշինկ» հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2023, 448 էջ (19 x 25 սմ.) (երեւելի ֆրանսահայերու կենսագրութիւններ, տեղեկութիւններ ֆրանսահայ կառոյցներու մասին, 1000-է աւելի լուսանկար, յատուկ անուններու ցանկ) (ֆրանսերէն):
– Շահապունի Շմաւոն, «Յիշողութիւններ երկու դարից», խմբագիր եւ սրբագրիչ՝ Գարեգին Ղազարեան, «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 240 էջ + 4 էջ լուսանկարներու ներդիր (14,5 x 20,2 սմ.) (1864-1960 թուականներուն ապրած վաստակաշատ ուսուցիչի յուշերը՝ յատկապէս Մայր Աթոռէն եւ Նախիջեւանի գաւառէն):
– Շառոյեան Լեւոն «Հերկ եւ բերք (Գրադատական եւ վերլուծական էջեր)», յառաջաբանը՝ Պետրոս Հաճեանի, Հալէպ, 512 էջ (հեղինակի զանազան տարիներու հրապարակումներու մէկ մասի ժողովածուն): Լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան մեկենասութեամբ:
– Սեւակ (Ղազարեան) Պարոյր, «100 բանաստեղծութիւն», կազմող՝ որդին՝ Արմէն Ղազարեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ու Պարոյր Սեակի տուն-թանգարանի համատեղ հրատարակութիւն, Երեւան, 2024: Ընտրանին լոյս տեսած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ՝ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակի առթիւ: