Այսօր՝ Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2022- ին երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ներկայացուցիչ դոկտ. Ճուանա Որոնեգայի միջեւ։
Հանդիպման առանցքը դառձաւ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններէն յետոյ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ քաղաքական քայլերուն, միջ-համայնքային գործակցութեան ու ընկերա-տնտեսական տագնապը կարելի փութով մեղմացնելու կարելիութիւններուն շուրջ։ Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց ընկերա-տնտեսական տագնապի լուծման առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը եւ այս գծով Մ.Ա.Կ.ին ու բարեկամ երկիրներուն կարեւոր դերակատարութիւնը։