Թուրքիոյ տարածքին մնացած երկրորդ մեծ վանքը համարուող Գիրեսունի (Շապին Գարահիսար) Սուրբ Աստուածածինը, ըստ թրքական «Սապահ» օրաթերթին, կը վերակառուցուի եւ կը բացուի` զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու նպատակով:
Գիրեսուն նահանգի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութիւնը լրագրողներուն տեղեկութիւններ տուած է վանքի վերակառուցման աշխատանքներուն մասին: Վերակառուցման նպատակը՝ վանքը զբօսաշրջիկներու համար հետաքրքրական վայր դարձնելն է: Գիրեսունի թանգարանի տնօրէն Հուլուսի Քիլեչ տեղեկացուցած է, որ Շապին Գարահիսարի մէջ վերակառուցման սպասող այլ եկեղեցիներ ալ կան:
«Նոր Յառաջ»