Ծննդեան 90-ամեակին առթիւ Շարլ Ազնաւուր պիտի ուրախացնէ իր հայ երկրպագուները՝ համերգային ծրագիր ներկայացնելով Երեւանի մէջ: «Շախմատային Հայաստան» պարբերականին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ պատասխանելով լրագրողին այն հարցումին, թէ ինչպէս պիտի նշէ իր 90-ամեակը Ազնաւուր պատասխանեց. «Հաւանաբար համերգ ունենամ Հայաստանի մէջ: Տարբեր երկիրներէ հրաւէրներ ստացած եմ՝ Գանատա, Ֆրանսա, ուրիշ երկիրներ, բայց ես կը կարծեմ, թէ ճիշդ պիտի ըլլայ, որ Հայաստանի մէջ կազմակերպուի համերգը», նշեց ան:
Ազնաւուր խոստովանեցաւ, որ երիտասարդ տարիքին խենթի պէս սիրած է ճատրակ խաղալ: «Վերջին անգամ ճատրակ խաղացած եմ 35 տարի առաջ: Ինծի ճատրակ խաղալ սորվեցուցած է Միսաք Մանուշեանը», նշեց Ազնաւուր՝ աւելցնելով, որ ներկայիս կը հետեւի ճատրակի ախոյեանութիւններուն՝ հայ մարզիկները քաջալերելու համար: