Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, երէկ` ուրբաթ, 19 յունուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանի եռահատորին շնորհահանդէսը: Ներկայ էին լիբանանահայ հոգեւոր, քաղաքական, կուսակցական եւ միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Վերլուծման եւ իրազեկման հարթակի անդամները եւ հոծ բազմութիւն մը:
«Ազդակ»-ի խմբագրակազմին անունով բացման խօսքը արտասանեց Քրիստ Խրոյեան, գլխաւոր բանախօսն էր Կարօ Յովհաննէսեան, ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան, Ահարոն Շխրտըմեան կարդաց այս առիթով Նորվան արք. Զաքարեանի խօսքը, հեղինակին քոյրը` Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեան արտասանեց շնորհակալական խօսք, իսկ աւարտին տեղի ունեցաւ երեք հատորներուն գինեձօնը:
Ձեռնարկին ամբողջական թղթակցութիւնը եւ արտասանուած խօսքը հետագային լոյս պիտի տեսնեն դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանին նուիրուած յատուկ յաւելուածի մէջ: