Թեր եւ դէմ կեցուածքներու մթնոլորտին մէջ երէկ լուսարձակները կեդրոնացան երկրի դատական մարզին վրայ. Մեթնի վերադատ ատեանի նախագահ դատախազ Ղատա Աունի առած քայլերը սուր բանավէճի դուռ բացին ժողովրդային, դատական թէ քաղաքական շրջանակներու մօտ: Արդարեւ, երէկ` երկուշաբթի, 19 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ համակիրներու երկու անջատ խումբեր համախմբուեցան Արդարութեան պալատի մուտքին: Կողմերէն խումբ մը եկած էր զօրակցելու իր կորսուած գումարներու հետապնդման լծուած` դատախազ Ղատա Աունին, իսկ այլ խումբ մը կը պահանջէր «չքաղաքականացնել դատական մարզը», կոչ ուղղելով, որ Դատական գերագոյն ատեանը իր պարտականութիւնը կատարէ: Խորքին մէջ նշեալ ատեանը արտակարգ նիստ մը կը գումարէր` հարթելու համար դատախազ Ղատա Աունի շաբաթավերջին բարձրացուցած աղմուկը: Ժողովականները բաց ձգեցին նիստը` զայն շարունակելու պայմանով, այսօր` երեքշաբթի, 20 ապրիլին, եւ վճռելու դատախազ Աունին վիճակուելիք կարգավիճակը: Առ այդ, դատաւոր Սուհէյլ Ապպուտի գլխաւորած Դատական գերագոյն ատեանը դատախազ Աունը հրաւիրեց այսօր ներկայ գտնուելու այս նիստին եւ իր տեսակէտը պարզելու: Մինչ այդ, Վերաքննիչ ատեանի նախագահ, դատաւոր Ղասսան Օուէյտաթ երէկ ելեւմտական դատախազ Ալի Իպրահիմին յանձնարարեց պրպտել եւ ստուգել գումարներու փոխանցման եւ լումայափոխ «Մքաթթաֆ» հաստատութեան շուրջ կասկածելի կամ ապօրինի որեւէ արարքի գոյութիւնը:
Մինչ այդ, դուրսը համախմբուած ցուցարարները կը բողոքէին հարց տալով, թէ ինչո՞ւ ամէն անգամ, որ դատախազ մը կը փորձէ «օրէնքով պաշտպանուած» ապօրինի եւ անարդար արարք մը քողազերծել, աղմուկ կը բարձրանայ դատախազին ճիգերը ձախողեցնելու: Իսկ հակադիր ճակատի համակիրներ իրենց կեցուածքը կ՛արդարացնեն հարց տալով, թէ «այս դատախազը ո՞ւր էր մինչեւ հիմա եւ ինչո՞ւ նման ոգեւորութեամբ չէր հետապնդեր նման հարցեր այլ մարզերու գծով եւ այլ շրջաններու մէջ»:
Նշենք, որ երկու խումբերուն միջեւ սուր բանավէճը յանգեցաւ ծեծուըռտուքի` արիւնլուայ վիրաւորելով ցուցարարներէն մէկը, մինչ բանակային ապահովական ուժեր փորձեցին անջատել «հակադիր» ցուցարարները:
Իսկ Թրիփոլիի մէջ խումբ մը ցուցարարներ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի նկարը վար առնելով զայն փոխարինած են դատախազ Ղատա Աունին զօրակցող լոզունգի պաստառով մը:
Կը նախատեսուի, որ տարուող քուլիսային խորհրդակցութիւններու լոյսին տակ յառաջիկայ օրերուն, եթէ ոչ ժամերուն, տիրող լարուածութիւնը մեղմացնող լուծման յանգի այս հարցը` «ոչ յաղթական ոչ պարտեալ» կարգախօսով:
Քաղաքական Ճիգերը Կը Շարունակուին
Քուլիսային «Հանդարտ Կրակի» Վրայ
Ժողովրդային այս լարուած մթնոլորտին մէջ քաղաքական ճիգերն ու զանոնք ցոլացնող կեցուածքները կը շարունակուին տեղական թէ արտաքին մակարդակներու վրայ: Արդարեւ, հարցերու լուծման մեկնարկը պարզող` կառավարութեան կազմութեան գծով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութեան գծով քուլիսային խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին: Այս գծով Պըրրիի գլխաւորած «Ամալ» շարժումի քաղաքական գրասենեակը երէկ հաղորդագրութեամբ մը անգամ եւս յիշեցուց Պըրրիի նախաձեռնութեան կարեւորութիւնն ու կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան հրամայականը: Նոյն ծիրին մէջ, Հըզպալլա իր մագոգային ճիգերը կը շարունակէ առնչակից տարբեր կողմերու ղեկավարներուն հետ, ինչպէս որ հաստատեց երէկ «Հաւատարմութիւն դիմադրութեան» պլոքի անդամ երեսփոխան Հասան Ազզէտտին Սուրի մէջ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին, շրջանի երեւելիներուն հետ: Ան ընդգծեց, որ Հըզպալլա կը փորձէ առաւելագոյնս հարթել կառավարութեան կազմութեան դէմ ցցուող արգելքները:
Միւս կողմէ, այն միջոցին, որ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ կը շարունակէր իր տեսակցութիւնները քաթարցի ղեկավարներուն հետ, անդին Ազգային ազատ հոսանքի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կը պատրաստուի 29 ապրիլին այցելելու Մոսկուա, ուր պիտի տեսակցի ռուս պատասխանատուներու, յատկապէս` արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Միջին Արեւելքի հարցերու խորհրդական Միխայիլ Պոկտանովի հետ: Իր կարգին, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի այս հինգշաբթի Վատիկանի մէջ Հռոմի պապին հետ պիտի արծարծէ Լիբանանի իրավիճակը: Հարիրի երէկ Լիբանանի մէջ անջատ խորհրդակցութիւններ ունեցած էր Բրիտանիոյ դեսպան Մարթին Լոնկտընի եւ Աւստրիոյ դեսպան Ռընէ Փոլ Էմրիի հետ:
Արդ, կը թուի, թէ ընթացիկ ամիսը վճռական պիտի ըլլայ Լիբանանի համար, յատկապէս որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը վերջերս ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատարին յղած իր նամակով կը զգուշացնէր, թէ դրամատան մէջ գտնուող պահեստի գումարը հազիւ կը բաւէ մինչեւ մայիս` հայթայթելու համար տարրական նիւթերու պետական նպաստի գումարը: