ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ուրախութեան զգացումին յարաբերական ըլլալը ամէնուն ծանօթ ըլլալով հանդերձ, շա՜տ շատեր տխրութեամբ կը համակուին իրենց կեանքի ընթացքին: Թեթեւ անյաջողութենէ կամ յուսախաբութենէ մը ետք ոմանց համար կարծես աշխարհը փուլ կու գայ: Մարդիկ չեն կրնար ըմբռնել, ո՛չ ալ կ՛ուզեն հաւատալ, որ զիրենք տխրեցնող երեւոյթը ժամանակաւոր է: Օրինակ, սիրելիի մը վերջնական կորուստը կամ մահը ոմանց համար արդէն իրենց վերջին օրուան ժամկէտը կը հնչեցնէ: Մեր պատմութենէն ծանօթ է, որ Արտաշէս հայոց արքայի յուղարկաւորութեան պահուն բազմաթիւ մարդիկ անձնասպան կ՛ըլլային ու իրենք զիրենք կը նետէին արքայի դագաղին համար բացուած գերեզմանափոսին մէջ: Ուրեմն, այդ մարդոց ըմբռնումով, թագաւորին մահէն ետք կեանք չկար այլեւս, եւ կամ ի՞նչ արժէք պիտի ունենար ապրիլը, երբ թագաւորը գոյութիւն չունէր:
Հանդիպած ենք ծնողակորոյս, ինչպէս նաեւ որդեկորոյս տարբեր մարդոց, որոնք իրենց կրած սուգին համապատասխան ծանրութեամբ յուսահատութիւն ապրած են: Ոմանք իրենց ծնողները միշտ ունեցած ըլլալով իրենց թիկունքին, յանկարծ երբ կորսնցուցած են զանոնք, կեանքի դժուարութիւնները դիմագրաւելու ամէն յոյս կորսնցուցած են միաժամանակ եւ առ այդ` մեծապէս յուսալքուած: Ուրիշներ իրենց միակ զաւակը, կամ գուցէ զաւակներէն մէկը կորսնցնելու դառնութիւնը ճաշակած են եւ` յուսալքուած: Նման պարագաներուն, միշտ ալ անորոշ, բայց մօտաւորապէս որոշ «յանցաւոր մը» գտած են… Աստուած, ընդունած ըլլալով, որ Անոր կամքէն դուրս ոչինչ կը պատահի տիեզերքի մէջ` համաձայն ընդհանրական հաւատքին:
Անփոփոխ իրականութիւն չկայ արեգակին տակ. ինչպէս ըսուած է` ամէն ինչ փոփոխական է, յատկապէս մարդկային կեանքը` միշտ ենթակայ փոփոխութիւններու: Ճանապարհորդութիւններ, որոնց պատճառով արկածներ. հիւանդութիւններ` որոնց պատճառով կանխահաս մահեր. թշնամութիւններ, որոնց պատճառով պատերազմներ. հակառակութիւններ, որոնց պատճառով անախորժութիւններ, միշտ փոփոխութեան պիտի ենթարկեն մարդկային կեանքը: Տարիքի մէջ յառաջանալու ամէնէն սովորական պատճառը անզգալաբար փոփոխութեան պիտի ենթարկէ մարդկային մարմինը, որուն կու տանք «ծերանալ» բացատրութիւնը:
Իր չափին մէջ ապրուած ուրախութիւնը գոհունակութեան չափաւոր տեսակն է, որ մարդու մտքին մէջ տխրութեան հակառակը եղող սոյն զգացումը կը ծանօթացնէ ենթակային: Այլ խօսքով, եթէ տխրութեան ինչ ըլլալը չիմանայ մարդ, ինչպէ՞ս պիտի զանազանէ սոյն երկու վիճակները: Լացն ու ծիծաղը նոյնն են: Ճիշդ է` հակապատկերներ են վերոյիշեալները կամ հակառակ վիճակներ, սակայն երկուքին ծանօթութիւնը կարեւոր է զանազանութիւնը ճանչնալու համար: Երեխան մինչեւ որ բոցին չմեկնէ իր ձեռքը, զայն լոյս կը կարծէ: Սակայն երբ ձեռքը դիպչի կրակի բոցին, այն ատեն կ՛իմանայ անոր այրող բնութիւնը:
Վերը ըսինք` «իր չափին մէջ ապրուած ուրախութիւն», հաստատելու համար այն մտածումը, որ չափը հաւասարակշռութիւնն է կեանքի բոլոր երեւոյթներուն, եւ չափազանցութիւնն է, որ նոյնիսկ դրական նկատուող շարք մը երեւոյթներ կը վերածէ դժբախտութեան: Պատահած է, որ չափազանց ծիծաղէն կաթուածահար եղած եւ մահացած են մարդիկ: Ծիծաղը ուրախութիւն պատճառած էր ենթակային, իսկ ուրախութիւնը, որ ինքնին դրական երեւոյթ է, մահուան պատճառ դարձած: Մերկ ճշմարտութիւն է, սակայն ոչ ոք կը բարձրաձայնէ զայն, որովհետեւ ուրախութիւնը նախանձելի զգացում մըն է: Ամէն մարդ այս կամ այն չափով կը նախանձի ուրախ մարդուն: Եթէ անիկա մեր ծնողն է, զաւակն է, հարազատն է, բարեկամն է, «ուրախութիւնը բաժնել» բացատրութիւնը կը գործածենք տուեալ ուրախ ենթակային ուրախակից ըլլալու մեր զգացումը յայտնելու մտօք: Աւելի՛ն. երբ ուրախ եղող ենթակային նման ուզենք ըլլալ, կը փորձենք անկէ սորվիլ ուրախ ըլլալու կերպերը, յաջողութեան ուղին, որուն պատճառով ալ մեր սրտին մէջ ի յայտ եկած նախանձին կը հագցնենք նոր վերարկու մը` զայն կոչելով «բարի նախանձ»: Մարդոց մտքերն ու մօտեցումները տարբեր ըլլալով, ոմանք այս նրբութիւնը չեն ընդունիր` պարզապէս ըսելով, որ կա՛մ նախանձի զգացողութիւն ունի մարդ, եւ կա՛մ բնաւ չունի:
Բայց ո՞վ է իսկապէ՛ս ուրախ մարդը: Հարցումը աւելի խորացնելով` ըսենք, որ կա՞յ արդեօք ուրախ մարդ այս աշխարհի վրայ: Ոմանք անմիջապէս օրինակ պիտի բերեն հարուստները, արքունական կեանքով ապրող մարդիկը, հանգստաւէտ պայմաններու մէջ եղողները: Մէկ խօսքով` անոնք, որոնք նիւթապէս բաւարարուած են եւ կեանքը հանգիստ ապրելու բոլոր միջոցները ունին: Միանգամընդմիշտ ըսենք, որ չարաչար կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք վերոյիշեալ կարծիքին են: Երբեմն ամէնէն նուրբ թռչուններու նրբագոյն փետուրներով լեցուած թագաւորական բարձերուն վրայ քնացող արքայազուններն ու իշխանուհիները այնպիսի դժուարութիւններ ունին, որ երանի կու տան գիւղացիի մը անհոգ լաճին:
Ուրեմն ո՞վ է իսկապէ՛ս ուրախ մարդը: Մարդկային փորձառութիւնը մեծագոյն ուսուցիչն է: Ինչպէս ըսուած է, մանուկը երբ դպրոց յաճախէ, հոն կը սորվի լեզուներ, գիտութիւն, աշխարհագրութիւն եւ այն բոլոր նիւթերը, որոնք դպրոցը կը հաղորդէ իրեն` հոգեկան եւ իմացական աճման նպաստելով: Սակայն իսկական դպրոցը, որ մարդ կը յաճախէ, ուսումնական դպրոցէն ետք բացուող կեանքն է: Այս դպրոցին կրթաթոշակը ծնողները չեն վճարեր, այլ` ենթական ինք, այն ալ` իր քսակէն: Այստեղ ուսուցիչները դէպքերն են, որոնց «պատուեգին»-ը շատ բարձր է, համալսարանի ամէնէն հռչակաւոր դասախօսներէն ալ աւելի, եւ որոնք ներել չեն գիտեր: Այս «դպրոց»-ին կամ «համալսարան»-ին աշակերտը կամ ուսանողը պիտի պատժուի. եւ` անպայմա՛ն:
Լա՛ւ, ո՞վ է իսկապէ՛ս ուրախ մարդը: Հին իմաստասիրութեան դէմքերէն Սենեկան կ՛ըսէ` իսկապէ՛ս ուրախ է այն մարդը, որ ուրախ է իր ներկայ կացութեամբ, եւ կարեւոր չէ, թէ ի՛նչ դրութիւն կը պարզէ այդ կացութիւնը:
Գոհունակութեան գագաթնակէտն է այս վիճակը, որ ցոյց կու տայ կեանքի ժխտական երեւոյթները դիմագրաւելու դրական ձեւ մը: Փիլիսոփայութիւնը միայն կրնայ սորվեցնել նման դաս մը` մարդկային հոգին դատարկելէ ետք ժխտական ապրումներէ ու զգացումներէ: Ապրիլ այս վայրկեանը, իր ներկայացուցած բոլոր տեսակի երեւոյթներով եւ դէպքերով, սակայն վաղը նոր օր մըն է, զոր դարձեալ պէտք է ընդունիլ նոյն ջերմութեամբ, ինչպէս երէկը ընդունուեցաւ:
Գոհունակ մարդն է, որ ուրախ կը զգայ նոյնիսկ իր տառապանքին ու թշուառութեան մէջ: Քրիստոնէական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան պատմութիւնը ներկայացնող «Գործք առաքելոց» գիրքը, իսկ հետագային նաեւ «Վարք սրբոց»-ը սոյն տեսակէտին հաստատումը չե՞ն կատարեր, երբ Քրիստոսի հետեւորդները նոյնիսկ իրենց Վարդապետին համար կրած հալածանքն ու տառապանքը ուրախութեամբ կը կրէին… Ուրեմն ուրախութեան զգացումը կարելի է վայելել նաեւ նեղութեան մէջ… Դարձեալ, նեղութեան մէջ եղողի դէմքի վրայ գծագրուած ժպիտէն աւելի ուժեղ արտայայտութիւն չկայ:
Ուրեմն, երանի՜ իր վիճակէն գոհ եւ իր ներկայով ուրախ մարդուն, որովհետեւ անոր ուրախութիւնը իսկակա՛ն ուրախութիւնն է: