ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Լուպնան հըր» ռատիոկայանին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին եւ լիբանանահայութեան կողմէ զայն ոգեկոչելու ձեռնարկներուն:
Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանեան եւ շրջանային տիրող պայմաններուն պատճառով Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակը ոգեկոչելու ծրագիրները վերատեսութեան ենթարկուած են անոնց պատշաճեցուելով:
«Այսօր` 23 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ կազմակերպուած է ջահերթ` Պուրճ Համուտէն Անթիլիասի մայրավանք: Հայոց ցեղասպանութիւնը հայութեան դատն է, իւրաքանչիւր հայու կը վերաբերի, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր մարդ արարածի, որ արդարութեան եւ իրաւունքի կը հաւատայ: Իսկ վաղը` չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենայ Ս. պատարագ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց նաեւ, որ տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս` Պէյրութի, Ժեհթաուիի, Քարմ Զէյթունի, Զալքայի, Անթիլիասի, Պուրճ Համուտի, Ֆանարի, Զահլէի, Այնճարի, Ժիպէյլի եւ Թրիփոլիի մէջ նաեւ կազմակերպուած են ոգեկոչումի առանձին ձեռնարկներ:
«Ճիշդ է, որ մարդիկ կրնան նեղանալ ջահերթէն, սակայն մեր իրաւունքն է տարին անգամ մը ոգեկոչել մեր նահատակներուն յիշատակը եւ ցոյց տալ, որ կը յիշենք ու կը մնանք պահանջատէր: Յատկապէս այս օրերուն կարեւոր է, որ բոլորը մեզի հետ ոգեկոչեն մեր նահատակներու յիշատակը, որովհետեւ կ՛ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջան մը, երբ ամէնօրեայ դրութեամբ ցեղասպանութիւն կը վկայենք: Ամէնօրեայ դրութեամբ մարդկութեան դէմ ոճիրներ կը գործուին եւ արդարութեան ու մարդկային իրաւունքներու դէմ հարուած կ՛արձանագրուի», հաստատեց ան:
Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ այս բոլորին մէջ կարեւորագոյնը յիշելն է եւ այդ յիշողութիւնը պահպանելը: «Երբ մենք կը յայտարարէինք, որ ցեղասպանը անպատիժ ձգելը այլ ցեղասպանութիւններու կ՛առաջնորդէ, միայն հայոց մասին չէ, որ կը խօսէինք, այլ` բոլոր ժողովուրդներուն: Փաստը այն է, որ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան յաջորդեցին այլ ցեղասպանութիւններ, բռնագաղթ, ցեղային զտում: Տակաւին անցեալ տարի էր, երբ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան` Իսրայէլի գործակցութեամբ, 9 ամիս շրջափակելէ եւ սովի ենթարկելէ ետք Արցախը, յարձակեցան Արցախի վրայ եւ 120 հազար հայ բռնագաղթի ենթարկեցին իրենց հայրենիքէն: Այս իրականութեան դիմաց ամբողջ աշխարհը լուռ մնաց, եւ լուռ մնալ կը նշանակէ ոճիրին ու ցեղասպանութեան մեղսակցիլ: Այսօր Կազայի մէջ պատահածը ցեղասպանութիւն է, պաղեստինցիները ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուին, շրջափակուած են, զոհերուն թիւը հասած է 35 հազարի, վիրաւորներունը` 75 հազարի, իսկ անոնց դէմ սպանութիւններու ու բռնարարքներու սպառնալիքները ամէն վայրկեան կը շարունակեն հնչել Իսրայէլի կողմէ: Իսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն տակաւին զինադուլի որոշում կը սպասուի», հեգնեց ան` աւելցնելով, որ կարծէք արդարութեան, իրաւունքի եւ ժողովուրդներու ազգային ինքնորոշման իրաւունքին հաւատալը տգիտութիւն է: «Ցաւալի է այն իրականութիւնը, որ մարդկային իրաւունքներու միջազգային հաստատութիւններ գոյութիւն ունին, կայ ՄԱԿ-ը եւ Միջազգային դատական ատեանը, որոնք կարծէք փոքր ժողովուրդներու համար մխիթարուելու կամ արդարութիւն աղերսելու վայրեր են, սակայն միաժամանակ մեծ պետութիւնները կը շարունակեն իրենց ծրագիրները գործադրել», շեշտեց ան:
Ան կոչ ուղղեց բոլոր լիբանանցիներուն մասնակցելու ջահերթին` ընդգծելով, որ անիկա միայն հայութեան համար չէ, այլ նաեւ լիբանանցիներուն:
«Պէտք է յիշել, որ Լեռնալիբանանի բնակչութեան մէկ երրորդը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ սովի ենթարկուելով», հաստատեց ան: