«Պայքար» շաբաթաթերթ, Պոսթըն (4 Դեկտեմբեր 2022)
Գրեց՝ ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Իր այնքա՜ն սիրած Լիբանանէն շատ հեռու, Միացեալ Նահանգներու Պոսթըն քաղաքին մէջ, ուր հիւանդանոցային դարմանումի տակ առնուած էր վերջերս, 22 Նոյեմբերին իր վերջին շունչը կը փչէր սփիւռքահայ թանկագին եւ բանիբուն մտաւորական մը եւս՝ Ժիրայր Դանիէլեան։
Մեծանուն ու դժուարահաճն Յակոբ Օշական ունէր անպաճոյճ բայց խորիմաստ արտայայտութիւն մը, զոր կը սիրէր գործածել միայն այն ատեն՝ երբ գրագէտ մը շատ ցայտուն ու ակներեւ արժանիքներ դրսեւորէր իր գրական վաստակին մէջ ու տոկուն պահէր զայն. «իրա՛ւ գրողը», «իրա՛ւ մտաւորականը»։
«Համապատկեր»-ի հեղինակին կողմէ քիչերուն շնորհուած պատուանուն մըն էր այս։
Կը խորհիմ որ ողբացեալ Ժիրայր Դանիէլեանն ալ լիովին արժանի է օշականեան այդ պատուանունին, թէ՛ իր գրականագիտական-բանասիրական վաստակին տարողութեամբ, թէ՛ ալ այդ վաստակին ու բերքին անխախտ որակով։
Սիրտ մղկտացնող մահ մըն է այս կորուստը՝ լիբանանահայութեան թէ ամբողջ սփիւռքահայութեան տեսակէտէն, հաւասարապէս։ Գիտենք, թէ «կանխահաս» չէ ան, քանի ողբացեալը կը գտնուէր իր ալեւոր տարիքին մէջ ու արդէն իր ետին թողած էր կեանքի ութ տասնամեակներ։ Բայց… որովհետեւ թափուր կը մնայ Ժիրայր Դանիէլեանի թողած գրասեղանը ու նոր դէմքեր չեն յայտնուիր անոր կիսադարեայ հոյակապ դրօշարշաւը շարունակելու համար, ուստի՝ կը մղկտայ մեր սիրտը, թախիծն ու յուսահատութիւնը կը պարուրեն մեզ անսփոփ։
Արդարեւ, Ժիրայր Դանիէլեան մէկն էր, որ բացառիկ կառչածութեամբ, երկար տարիներ, մնաց լիբանանահայ գրական, մշակութային ու կրթական հրապարակին ամէնէն տիրական ու հեղինակաւոր անուններէն մին։ Կատարելատիպ մտաւորական մը, որ խորապէս կը տիրապետէր մեր մայրենիին ու զայն կը գործածէր գեղեցկօրէն ու շքեղութեամբ, քաջածանօթ էր հայոց պատմութեան ելեւէջներուն, գրականութիւնը սիրած ու ճանչցած էր ի տղայ տիոց, բայց նաեւ զարդ մըն էր բեմերու վրայ՝ ամէն անգամ որ գրական-մշակութային ձեռնարկ մը սարքուէր։ Ինչ գործ որ պիտի ստանձնէր կամ ինչ աշխատանքի որ պիտի ձեռնարկէր, զայն անպայման պիտի պսակէր յաջողութեամբ։ Գեղեցիկն ու որակեալը եղան իր մտասեւեռումը. բծախնդրութիւնն ու ճշգրտաբանութիւնը նպատակ դարձան իրեն։ Եւ որովհետեւ իր գործը հայ գիրքին, հայ մամուլին ու հայ դպրութեան հետ էր բացառաբար, ուրեմն՝ Դանիէլեան մեծապէս նպաստած եղաւ լիբանանահայ մշակոյթի ծաղկումին, անոր գանձանակին մէջ նետեց շա՜տ լումաներ, ու ինչ որ ամէնէն կարեւորն է՝ առօրեայ անդադրում պայքար մղեց, որպէսզի հետզհետէ ամայացող լիբանանահայ գրական հրապարակին կամարին վերեւ մի՛շտ պլպլան մեսրոպավառ կանթեղները…։
Այդ հրապարակին ամենավերջին մոհիկաններէն մին ալ ի՛նք էր՝ Դանիէլեան։ Մեկնած էին Սիմոն Սիմոնեանն ու Անդրանիկ Ծառուկեանը, Վահէ-Վահեանն ու Մուշեղ Իշխանը, Գառնիկ Ադդարեանն ու Արմէն Դարեանը, Երուանդ Պարսումեանն ու Օննիկ Սարգիսեանը, Գէորգ Աճեմեանն ու Հրաչ Քաջարենցը, Գրիգոր Շահինեանն ու Պօղոս Սնապեանը, Լեւոն Վարդանն ու Պէպօ Սիմոնեանը, ու տակաւին՝ Սարգիս Կիրակոսեանն ու Արա Արծրունին, Յակոբ Մանուկեանն ու Արամ Սեփեթճեանը, Ազնաւորեան սրբազանն ու Կռանեան վարդապետը եւ ուրիշներ՝ տասնեակներով…։ Ժիրայր Դանիէլեանի անմիջական շրջապատն էր ասիկա՝ վաթսունականներէն մինչեւ երկու-հազարականներ…։
Հրապարակը ի՛սկապէս ամայացած էր 2000-ականներէն ասդին։
Ու հակառակ այս ահաւոր տերեւաթափին՝ Ժիրայր կը շարունակէր մնալ պատնէշի վրայ, տիւ ու գիշեր, անվհատ եւ անձանձրոյթ, մինչեւ որ պիտի պատահէր Պէյրութի մեծ աղէտը՝ նաւահանգիստի կործանարար պայթումը, 4 Օգոստոս 2020-ին։
Ժիրայր Դանիէլեան ծանրօրէն վիրաւորուած՝ պիտի կորսնցնէր իր աչքին լոյսը…։ Ամերիկա պիտի երթար մտատանջ՝ այս ցաւին դարման որոնելու ակնկալութեամբ եւ յոյսով։ Սակայն Նախախնամութեան անիմանալի կարգադրութեամբ՝ Ամերիկան պիտի դառնար իր վերջին հանգստարանը։ «Աստ հանգչի»։
*
Չեմ գիտեր թէ ողբացեալը իր ինքնակենսագրութիւնը տեղ մը արձանագրե՞ր է, թէ՞ ոչ։
Երանի թէ գոյութիւն ունենար այդպիսի տպագիր վաւերաթուղթ մը, ու մենք հիմա օգտուէինք այդ տեղեկութիւններէն՝ շարադրելու համար իր 80 տարիներու հարուստ կեանքին ուղեծիրը՝ «ճշմարտապէս եւ ոչ կարծեօք» (իր մահուան առթիւ դէս ու դէն երեւցող կենսագրականները լի էին բազմաթիւ անհեթեթ անճշդութիւններով)։ Կամ երանի թէ Ֆրանսահայ վիպագիր Կարօ Փօլատեանի նմանողութեամբ՝ բանիմաց լրագրող մը «զրոյց» մը կատարէր իրեն հետ, խօսեցնէր զինք իր մանկութեան, պատանեկութեան, դպրոցական կեանքին, ուսուցիչներուն, գրական առաջին հետաքրքրութիւններուն, գաղափարական հակումներուն, երեւելի գրողներու հետ իր շփումներուն մասին։ Չէ եղած, չէ իրականացած նման բան, աւա՜ղ։ Այդ պատճառով ալ՝ գունագեղ կեանքի մը բազմածալ դրուագները, թիւ ու թուականով, անծանօթ կը մնան մեզի։
Գիտենք անշուշտ, որ ան ծնած էր 1941-ին, հաճընցի ծնողներու յարկի մը տակ։ Ուսման իրերայաջորդ կայքերը հանդիսացեր էին վիեննական Մխիթարեանց վարժարանը, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրդ. վարժարանը (ուրկէ շրջանաւարտ էր 1961-ին ու «Հրաժեշտի ուղերձ»-ը ի՛նք կարդացած էր) եւ Հայկազեան գոլէճը, ուրկէ շրջանաւարտ էր «Պսակաւոր արուեստից» վկայականով։
*
Ժիրայր Դանիէլեանի անունը ծանօթ էր ինծի վաղուց, դեռ իմ ճեմարանական տարիներէն։
Կանուխէն շահագրգռուած ըլլալով հայ մամուլով՝ գիտէի որ Պէյրութի մէջ կ՛ապրէին այդ բնագաւառին երկու մրցակից մասնագէտները՝ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանն ու Ժիրայր Դանիէլեանը։ Որքա՜ն կը փափաքէի զիրենք տեսնել, թօթուել իրենց ձեռքը…։
Այնպէս պատահեցաւ, որ պր. Արտաշէսը ճանչնամ Հալէպի մէջ, ուր եկաւ ան 80-ականներուն, հայ պարբերական մամուլի հրաշալի ցուցահանդէս մը սարքելու եւ դասախօսութիւններ տալու համար։ Իսկ պր. Ժիրայրը ինծի եկաւ աւելի ուշ… իր մակագրուած գիրքերով։ Նախ՝ «Հայ նոր պարբերական մամուլը՝ 1967-1981» (1984), յետոյ ալ՝ «Բանասիրական որոնումներ»-ը (1996)։
Այս երկու գիրքերը, առ այսօր, գրադարանիս մէջ կը գրաւեն պատուոյ տեղ։ Ասոնցմէ առաջինը ի՛սկապէս հմայիչ հրատարակութիւն մըն է, ուր հեղինակը մի առ մի թուած ու նկարագրած է տուեալ ժամանակաշրջանի սփիւռքահայ թերթերը, պարբերականներն ու հանդէսները, շուրջ 300 անուն, իւրաքանչիւրին կցելով անուանաթերթի քլիշէներն ալ։ Այս գիրքով՝ Ժիրայր Դանիէլեան հաստատապէս կը նուաճէր մամլոյ մասնագէտի դիրք ու պատիւ։ Արդէն, տպագիր գիրքն ու հայատառ մամուլը, հինէն իվեր, իր տեսադաշտին մէջ կը մնային միշտ։ Երկար տարիներ Պէյրութի Հայկազեան գոլէճի (յետոյ՝ համալսարան) հայկական մատենադարանին գրադարանավարն ըլլալով՝ ան ինքզինք նոյնացուցեր էր հայ գիրքին ու թերթին հետ։ Դեռ 1974-ին, Ծովակ Ալթունեանի գործակցութեամբ, կազմած ու հրատարակութեան պատրաստած էր գոլէճի գրադարանին հայ մամուլի հաւաքածոներու ցուցակը (մեքենագիր, բազմագրուած)։ Առիթով մը, «Զարթօնք» օրաթերթի բացառիկներէն մէկուն մէջ (Մայիս, 1982) ներկայացուց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ժամանակակից մամուլը (անջատ պրակով ալ տպուած)։ Պատրաստեց «Լիբանանահայ տպագրութիւնը պատերազմի տարիներուն, 1975-1984» աշխատասիրութիւնը (1986)։ Յետոյ, աչքի լոյս թափեց ահագին՝ Երեւան տպուած «Հայկական սովետական հանրագիտարան»-ի հատորաշարքին մէջ մամուլի անուններու մասին գրուած բառայօդուածներու տողերուն արանքին նկատուող սխալներն ու անճշդութիւնները մէկ առ մէկ մատնանշելու համար…։
Դանիէլեանի մշտատեւ որոնումներն ու դեգերումները հայ գրականութեան ու մամլոյ անդաստանէն ներս՝ վստահելի բանասէրի մը վերածեցին զինք։ Իր «Բանասիրական որոնումներ»-ուն յաջորդեց «Գրական որոնումներ» հատորը (2007)։ Երկու ժողովածուները, արտաքնապէս՝ երկուորեակներ, միասնաբար կը կազմէին շուրջ 850 էջ։ Սաղարթախիտ անտառ մը, ուր ծառերու շուքին տակ կամ մացառներու եւ թուփերու միջեւ կրնայիք յայտնաբերել «Ագապի» հայատառ թրքերէն վէպի հեղինակ Յովսէփ փաշա Վարդանեանն ու «Բազմավէպ»-ի անդրանիկ խմբագիր Հ. Գաբրիէլ Այվազովսքին, զմիւռնահայ հրապարակագիր Ստեփան Ոսկանն ու «Ճիհան» թերթի խմբագիր Տիրան էՖ. Քէլէկեանը, Վազգէն Շուշանեան, Սիմոն Սիմոնեան, Սիրան Սեզա, բանասէր Միքայէլ Յակոբեան, Չարենց, Պ. Սեւակ, Յակոբ Թորոսեան, ու տակաւին՝ գրախօսականներ, խմբագրական նոթեր, գրական նշմարներ, յոբելենական տարեթիւերու առթիւ գրի առնուած ակնարկներ, դիմաստուերներ, արժեւորումներ, «խաչեցեալ գիրքեր» եւ այլն, եւ այլն։ Ի մի բան՝ հունձք եւ բերք։
Դանիէլեան կարեւոր ներկայութիւն ունեցաւ նաեւ լիբանանահայ կրթական մարզին մէջ։
1987-2010, ան վարեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Դարուհի-Յովակիմեան երկսեռ միացեալ վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Ի՛ր դպրոցն էր այս, ու ինք նոյն պաշտօնին մէջ կը յաջորդէր իր երբեմնի տնօրէնին՝ պր. Արա Թօփճեանին։
Կրթական հարցերով մտահոգ՝ 2002-ին պատրաստեց ու հրատարակեց «Լիբանանահայ դպրոցը. թիւեր եւ մտորումներ» շահեկան ուսումնասիրութիւնը։
Խմբագրական աշխատանքները եւս բնաւ չբացակայեցան իր գրասեղանէն։ 1969-ի երանելի օրերուն, երբ լիբանանահայութիւնը կ՛ապրէր իր համայնքային ու ազգային հաւաքական կեանքին ամէնէն եռուն մէկ շրջանը, Ժիրայր քանի մը ընկերներով հրապարակ հանեց «Երիտասարդ հայ» երկշաբաթաթերթը, բոլորովին անկախապաշտ գաղափարներով։ Իրեն հետ էին Կռանեան վարդապետը, Պետրոս Թերզեանը, ԼութՖի Թապաքեանը, Յովսէփ Մելքոնեանը, Ալ. Պէրէճիքլեանն ու Օշին Գրգեաշարեանը։ Թերթը թէեւ կիսաքաղաքական, ունեցաւ սակայն առաւելաբար ընկերային, ազգային ու մշակութային արեւելում։ Անկէ լոյս ընծայուեցան 101 թիւեր, վերջինը՝ 1975-ի Մարտին։ Լիբանանի մէջ բռնկած քաղաքացիական պատերազմը իր բոցերուն մէջ մոխրացուց նաեւ «Երիտասարդ հայ»-ը…։
Գրականութեան եւ արուեստի «Շիրակ» ամսագիրը, որ 1956-էն իվեր կը հրատարակուէր Թէքէեան Մշակ. Միութեան կողմէ, իր երկարամեայ խմբագրին՝ Օննիկ Սարգիսեանի Ամերիկա մեկնումէն ետք կը կարօտէր հոգատար նոր ձեռքերու։ Ժիրայր Դանիէլեան հոս եւս «ներկա՛յ» պատասխանեց։ Ան ստանձնեց ամսագրին պատասխանատուութիւնը յօժարակամ, զայն ձեռնհասօրէն խմբագրելով 1990-1997։ Ինչ մեղք սակայն, որ այս երկարամեայ պարբերականը, այնուհետեւ, մտաւ խարխափումներու եւ ընկրկումներու փուլէ մը ներս ու քանի մը տարի Հալէպի մէջ խմբագրուելէ ետք լռեց վերջնականապէս, 2006-ին…։
Մինչ այդ, Ժիրայր Դանիէլեանի կեանքին մէջ անկիւնադարձ մը եղաւ 2005-ը։ Ան հիմնեց ու լոյս ընծայեց իր սեփական «Կամար» պարբերաթերթը, զուտ գրական ու գեղարուեստական բովանդակութեամբ։ Ընդհանրապէս 112 էջանի ծաւալով, գեղատիպ, գունազարդ ու սղագին հրատարակութիւն մըն էր այս, որուն նիւթապէս կը սատարէր Լիզպոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութիւնն ալ։ Հոս, երէց անուններու կողքին, իրենց ստորագրութիւնը կը դնէին նաեւ նորեր, յա՛տկապէս բանաստեղծներ, Հայաստանէն թէ սփիւռքէն։ Ճոխ էին նաեւ արձակի եւ գրավերլուծութեան բաժինները։ 15 տարուան ընթացքին «Կամար»-էն լոյս ընծայուեցան 32 թիւեր։ 33-րդ թիւը, որ պէտք է հրատարակուէր 2020-ին, մնաց կէս-կատար ու անտիպ…։
Վերջին տարիներուն, Ժիրայր Դանիէլեանի նոր «տուն»-ը դարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքը, ուր ստանձնեց ան «Հայագիտական բաժանմունքի գրասենեակ»-ի վարիչի պաշտօնը, Վեհափառ Արամ Ա.-ի հրաւէրով։ Ի պաշտօնէ՝ խմբագրեց ու հրատարակութեան պատրաստեց բազմաթիւ գիրքեր։ Իր գրասենեակն ու գրասեղանը կը յորդէին գիրքերու ու թերթերու դէզերով։ Իրեն համար «փեթակ» մըն էր այս, ուր ընտիր մեղր հարկ էր պատրաստել ամէ՛ն օր…։ Վեհափառ հայրապետն ալ, իր կարգին, մեծապէս կը գնահատէր իր այս վաղեմի (ու մտերիմ) բարեկամին կարողութիւնները, առ այդ՝ անոր վստահելով ոչ միայն կաթողիկոսարանի «Հայագիտական դասընթացքներ»-ու տնօրինումը, այլեւ ՊիքՖայայի դպրեվանքի ընծայարանէն ներս հայ լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդելու պարտականութիւնը։
2018-ին եւ անոր յաջորդող տարիներուն, երբ իբրեւ այցելու դասախօս հիւրն եղայ կաթողիկոսարանի «Հայագիտական դասընթացքներ»-ուն, առիթն ունեցայ պր. Ժիրայրը ճանչնալու աւելի՛ մօտէն, իր մտերմութեան մէջ։ Մեր անվերջանալի զրոյցները կը պտտկէին հայ գրականութեան ու անոր երեւելի սպասարկուներուն շուրջ։ «Կարօտի զրոյց» մըն էր մերը, մի՛շտ դէպի անցեալ հայող ու այդ անցեալէն ներշնչուող…։ Այս շրջանին է ահա, որ ան լոյս ըծայեց հաստափոր հատոր մը եւս, որ կը կրէր «Մատենագիտութիւն ընդդէմ ցանկագրումի» տարօրինակ խորագիրը (2018)։
Ի՞նչ էր այս, ի՞նչ ցանկագրումի մասին էր խօսքը։
Ժիրայր Դանիէլեան դա՛րձեալ լծուեր էր իր վաղեմի առաքելութեան. ճշդել ու սրբագրել, մատենագիտական բացթողումներ մատնանշել։
Գիրք մըն էր այս, որ «մաղէ կ՛անցընէր» ա՛յլ գիրք մը՝ 2013-ին Հայկազեան համալսարանի հրատարակած «Լիբանանահայ գիրքը 1894-2012»-ն, նշդրակի հարուածներով ցոյց տալով անոր մէջ գլուխ ցցող մեծաթիւ սխալներն ու վրէպները…։
*
2015-ին, «Կամար»-ի 24-րդ թիւին խմբագրականին մէջ՝ ափսոսալով լիբանանահայ մտաւորական կեանքի անշքացումին ու տերեւաթափին ի տես, Ժիրայր Դանիէլեան կը գրէր.
— Մեկնողներուն ցաւը կը կրծէ մեր էութիւնը։ Իսկ վաղուան անստուգութիւնը կը սարսափեցնէ մեզ։
Հիմա, երբ ի՛նք ալ չկայ այլեւս, այդ անստուգութիւնը վերածուած է անդոհանքի, իսկ «սարսափը» կը շարունակէ կախուած մնալ մեր գլխուն վերեւ…։
Լո՜յս եւ խունկ՝ իր թարմ հողակոյտին։
Հալէպ