Երասուղէմի մէջ գործող փաստաբան Տանիէլ Սէյտման «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է, որ Երուսաղէմի ոստիկանութիւնը Երուսաղէմի հայերէն պահանջած է հեռանալ «Կովերու պարտէզ»ի վիճելի տարածքէն՝ մեղադրելով զանոնք գոյքի իւրացման յանցանքով. հայերը ընդդիմացած են:
«Ոստիկանութիւնը կը կատարէ հայկական թաղամասի վերաբնակիչներու հրամանները եւ կը պահանջէ, որ բնակիչները ազատեն տարածքը», գրած է ան:
Յիշեցնենք, որ 12 Նոյեմբերէն ի վեր հայերու մեծ խումբ մը՝ պատրիարքարանին հետ համագործակցելով, հերթապահութիւն կը կատարէ «Կովերու պարտէզ»ի տարածքին մէջ եւ՝ ի նշան բողոքի, ինքնաշարժներով եւ պարիսպներով փակած է մուտքի պատը՝ կանխելու տարածքին մէջ հետագայ անօրինական շինարարութիւնը:
Նշենք, թէ Երուսաղէմի պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան, հրեայ գործարարի մը 99 տարիով վարձու տուած էր «Կովերու պարտէզ»ը: Այս որոշումը մեծ աղմուկ բարձրացուց եւ երկար պայքարէ ետք կարելի եղաւ չեղարկել:
Երուսաղէմի հայկական թաղամասի պաշտպանութեան եւ պահպանման շարժումը տարածեց հաղորդագրութիւն մը, ըստ որուն, թաղամասի «Կովերու պարտէզ»ին մէջ լարուած իրավիճակ կը տիրէ:
Կը նշուի, որ 15 Նոյեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 4:30-ի շուրջ, հրեայ վերաբնակիչներու ինքնաշարժներու եւ մոթորսիքլեթներու շարասիւնը մտած է «Կովերու պարտէզ»ը: Քաղաքի հայ բնակիչները հաւաքուած եւ շրջափակած են պաշտպանուած սահմանագիծը:
Դէպքին վայրը ժամանած են Իսրայէլի ոստիկանութեան ուժեր եւ բանակի ստորաբաժանումներ: Վերաբնակիչները հեռացած են: Մնացաղ են քանի մը անձեր:
Նշուեցաւ, որ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է երեք սաղիմահայեր, որոնցմէ մէկը անչափահաս է:
Իսրայէլի ոստիկանութիւնը քանի մը վերաբնակիչներու թոյլատրեած է «Կովերու պարտէզ»ին մէջ մնալ: Անոնց նպատակը, ըստ հաղորդագրութեան, այդ հատուածը իւրացնել է: Հայ բնակիչները կենդանի վահան կազմած են եւ խաղաղ կերպով յորդորած են դատարկել «Կովերու պարտէզ»ի տարածքը:
Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ: