ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած երկխօսութիւնը:
Պատասխանելով «Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական ծառայութեան այն հարցումին, թէ ո՛րն է հայ-թրքական ընթացիկ երկխօսութեան հարցին մէջ Ուաշինկթընի դիրքորոշումը՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Մենք ջերմօրէն կ՛ողջունենք հայ-թրքական երկխօսութիւնը եւ երկու երկիրներու ներգրաւուածութիւնը դիւանագիտութեան եւ երկխօսութեան մէջ՝ իրենց տարակարծութիւնները կարգաւորելու համար»:
Եւրոպական Միութիւնը եւս ողջունեց հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններու մեկնարկը: Այս մասին «Թուիթըր»ի վրայ գրառում կատարելով՝ յայտարարեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար՝ շեշտելով, որ Պրիւքսէլ կ՛աջակցի յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ հաղորդակցութիւններու վերաբացումին:
ՆԱԹՕն եւս յայտարարեց, թէ կ՛ողջունէ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ տեղի ունեցած բանակցութիւնները: Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդհանուր քարտուղարի Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերու յատուկ ներկայացուցիչ Հաւիէր Քոլոմինա այս մասին գրած է հետեւեալը. «ՆԱԹՕն կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման, ինչ որ պիտի օգնէ շրջանին մէջ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն: Անգարան եւ Երեւանը կը խրախուսենք այդ ուղղութեամբ յաւելեալ քայլեր կատարելու»։
Նաեւ Թեհրան արձագանգեց Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներայացուցիչներուն առաջին հանդիպումին։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց, թէ Իրան կ՛ողջունէ իր դրացիներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ կ՛աջակցի այդ ուղղութեամբ առնուած ջանքերուն: «Մեր տարածաշրջանը յոգնած է յարաբերութիւններու խզումէն եւ բացասական մօտեցումներէն: Պէտք է օգնենք դրական մօտեցումներ եւ տեսակէտներ ձեւաւորելու ջանքերուն», ընդգծեց ան:
Պաշտօնական Պաքու եւս յայտարարեց, թէ կ՛ողջունէ հայ-թրքական բանակցութիւններու մեկնարկը՝ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով, ըսաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Խալաֆ Խալաֆով՝ յոյս յայտնելով, որ հայ-թրքական երկխօսութեան մեկնարկը կ՛արագացնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը եւ եռակողմ յայտարարութենէն բխող պարտաւորութիւններու կատարումը: