Շաբաթավերջին պենզինի կայարանները դարձեալ որոշեցին փակել իրենց դռները եւ լիբանանցին ենթարկել յաւելեալ խայտառակութեան:
Այս պատճառով պենզինի սպասող քաղաքացիները իրենց ինքնաշարժներով վերստին հերթ բռնեցին` կաթիլ մը պենզին ստանալու նպատակով:
Ըստ պատասխանատուներուն, Լիբանան վառելանիւթ բերող նաւը ուշացած է զայն յանձնել վառելանիւթ ներածող ընկերութիւններուն, պատճառ մը, որուն մասին յայտարարեց վառելանիւթ ցրուողներու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա:
Ան նշեց, որ շաբաթասկիզբին կարելի պիտի ըլլայ վառելանիւթի հարցը լուծել` նկատել տալով, որ այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն իսկ կայարանները պիտի սկսին վառելանիւթ վաճառել ժողովուրդին:
Սակայն նման յայտարարութիւններ այլեւս քաղաքացիին համար կը նկատուին սուտեր` նկատի ունենալով, որ ան վարժ դարձած է նման խաբեբայութեան եւ քաջ գիտէ, որ վառելանիւթ չտրամադրելուն նպատակն է պահել աժան գինով գնուածը եւ քանի մը օր ետք աւելի սուղ սակերով վաճառել զայն:
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը իր կարգին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ վառելանիւթի կայարանները խճողուած են պարզապէս շրջանառութեան մէջ դրուած այն տարաձայնութեան պատճառով, թէ երկրին մէջ պենզինի տագնապ պիտի ստեղծուի:
Ուժանիւթի նախարարութիւնը հաստատեց նաեւ, որ պենզինի սակը ամերիկեան տոլարով պիտի ճշդուի:
Վառելանիւթի հարցին ստեղծած քաոսին կողքին, Լիբանան այս շաբաթ կը գտնուի վարչապետի նշանակման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն դիմաց:
Հինգշաբթի, 23 յունիսին կատարուելիք խորհրդակցութիւններուն սեմին, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի կը կատարէ շարք մը հանդիպումներ, որոնցմէ վերջինը երէկ երեկոյեան երեսփոխան Ապտել Ռահման Պըզրիի հետ անոր հանդիպումն էր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած էին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ վերաբերող հարցեր:
Նշենք, որ Պուխարի շաբաթ օր ընդունեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը` ընկերակցութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:
Պուխարիի այցելեցին նաեւ երեսփոխաններ Ահմետ Խէյր, Եասին Եասին եւ Ապտել Ազիզ Սամատ:
Նշենք, որ միւֆթի Տըրիան, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞վ է հանրապետութեան միւֆթիին առաջադրած վարչապետի թեկնածուն, պատասխանեց. «Երեսփոխաններն են, որոնք կ՛առաջադրեն վարչապետին թեկնածութիւնը, իսկ Տար Ֆաթուան իր օրհնութիւնը կը պարգեւէ անոր, եթէ նշանակուած վարչապետը հայրենիքին եւ քաղաքացիին շահերուն ծառայող անհատ է»:
Միւս կողմէ, պետական վարժարաններու ուսուցիչներու լիկան զգուշացուց, որ պետական քննութիւններուն իր հսկողութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է ուսուցիչներուն տրամադրուելիք յաւելումներուն, որ խոստացուած է կրթութեան նախարարութեան կողմէ:
Ուսուցիչները ընդգծեցին, որ եթէ ամերիկեան տոլարով չվճարուին, ապա պիտի չմասնակցին պետական քննութիւններուն հսկողութեան: