ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
2019 թուականին էր, երբ մեր տան երէց քահանան դիմեց ծնողքիս, որ եթէ կ՛ուզէին զիս դպրեվանք ղրկել, անմիջապէս դիմում կատարէին եւ զիս յանձնէին դպրեվանքին: Այն վայրկեանէն, որ ինծի առաջարկեցին դպրեվանք յաճախելու միտքը, սկսայ առանձին պահերուս խորհիլ, թէ արդեօք ինչպիսի՞ տեղ է դպրեվանքը, ի՞նչ կ՛ընեն հոն, արդեօք միայն կ՛աղօթե՞ն, արդեօք լոկ ճգնաւորի տե՞ղ է… Օր մը առիթը ունեցայ քահանայ հօր այս հարցումները ուղղելու, որպէսզի պատկերացումս դպրեվանքին հանդէպ յստականայ: Քահանայ հօր պատասխանը եղաւ. «Ո՛չ, տղաս, այդտեղ ոտնագնդակ ալ կը խաղաս, նոր ընկերներ ալ կ՛ունենաս, հեռատեսիլ ալ կը դիտես, բայց նաեւ դաս ալ կը սորվիս, կ՛աղօթես եւ գիրք կը կարդաս»: Բաւարարուած եւ հանգիստ զգացի, որովհետեւ սովորական ընտանեկան առօրեայի մը շունչը տուաւ ինծի, որ օտար պիտի չզգայի…
Պահն էր, որ ծնողքիս յայտնէի որոշումս եւ սկսէի ճամբորդական թուղթերուս պատրաստութեան: Մայրս ամէն զոհողութիւն աչքը առնելով` համաձայն էր դպրեվանք երթալուս, իսկ հայրս` ո՛չ: Հայրս համոզեցի, որ գէթ երեք ամսուան համար թոյլ տայ երթամ եւ փորձեմ: Որոշումս տուի եւ չզղջացի:
Խումբ մը ինծի պէս պատանիներու հետ դպրեվանք հասայ: Հսկայակա՜ն շէնք: Սկսայ խորհիլ, թէ այս ի՜նչ մեծ շէնք է, ասի մեր տո՞ւնը պիտի ըլլայ: Ճիշդ է, որ շատ տպաւորիչ էր դպրեվանքի տեսարանը ինծի համար, սակայն պահ մը սրտիս մէջ «Ի՞նչ պիտի ընեմ այստեղ առանց ծնողքիս» հարցումը զիս կը չարչրկէր (Վստա՛հ եմ, որ իւրաքանչիւր նոր դպրեվանեցիի առաջին օրերու հոգեկան վիճակն էր, որ կ՛ապրէի): Պատրաստ էի անցնելու այս ճանապարհէն` տեսնելու համար, թէ Աստուած ի՛նչ պատրաստած է ինծի համար:
Դպրեվանքի առօրեան սկսած էր: Նոր ընկերներ, նոր ուսուցիչներ, նոր ժամանակացոյց եւ մանաւանդ` ընկերային ու եղբայրական քաղցր մթնոլորտ: Ամէն բան նոր էր եւ հաճելի: Շաբաթ մը անցած էր, եւ արդէն հասկցած էի, որ դպրեվանքի կեանքը գեղեցիկ ներդաշնակութիւն մըն է` աղօթքի, դասի, ինքնաշխատութեան եւ խաղի: Ինչպէս Ժողովողի գիրքը կ՛ըսէ` «Ամէն բանի ատենը կայ» (Ժողովողի 3.1), եւ իրաւի այդպէս էր դպրեվանքէն ներս:
Երեք ամիսը անցած էր, եւ կարճ արձակուրդի մը համար պիտի վերադառնայինք տուն: Վերադարձայ` ձեռքիս ուրախ պատմութիւններու եւ դէպքերու «պարկ» մը, որ ոեւէ ծնողքի ամէնէն ուրախալի սպասումներէն է: Չեմ մոռնար մանաւանդ այն պահը, երբ մայրս ըսաւ` «Բաւական փոխուած ես, տղա՛ս», եւ հայրս գլուխի շարժումով ու ժպիտով համաձայնեցաւ: Այո՛, դպրեվանքը զիս նոր մարդ դարձնելու աշխատանքին մէջ էր, որ արդէն շատ կարճ միջոցին զիս ծնող ու մեծցնող հայրս ու մայրս զգացած էին:
Հայրս չկրցաւ պահել իր արտայայտութիւնը եւ ուրախութեամբ խոստովանեցաւ. «Ուրա՛խ եմ, որ պնդեցիր եւ գացիր դպրեվանք, որովհետեւ հիմա արդէն կը տեսնեմ, թէ քեզ լաւ ձեռքերու վստահած եմ»: Ես ալ չէի գիտեր, որ տունէս հեռու` ուրիշ միջավայրի մը մէջ, ուրախ եւ տանս պէս պիտի զգամ: Առաւել եւս, չէի գիտեր, որ այս առած առաջին քայլերս պիտի մարմնաւորէին ապագայի տեսլականս…
Դպրեվանքը անբացատրելի ուժ մը ունի պատանին ու երիտասարդը կերտելու: Չկայ մէկը, որ մտած է դպրեվանք, նոյնիսկ կարճ ժամանակուան մը համար, եւ իր մէջ նոր մարդ մը չէ ծնած: Անբացատրելի է, թէ ինչպէ՛ս այսպիսի կրթական հաստատութիւն մը կրնայ մարդուս մտածելակերպն ու մտայնութիւնը ընդլայնել, միտքը զարգացնել ու աճեցնել եւ հոգին աղօթքով ու աշխատանքով ազնուացնել:
Սիրելի՛ ծնողներ, եթէ վստահիք ձեր զաւակները դպրեվանքին, պիտի տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս ձեր զաւակներուն մէջ նոր մարդ մը կը ծնի ու կ՛աճի: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ յաճախակի կերպով եւ իւրայատուկ ոճով մեզի կը յիշեցնէ, որ` «Դպրեվանքը մա՛րդ կը կերտէ»: Հաւատացէ՛ք, որ այս խօսքը իրականութիւն է: Եթէ վստահիք ձեր զաւակները դպրեվանքին, պիտի տեսնէք, թէ անոնք ի՜նչ բարձր մակարդակներու կը հասնին` մնալով համեստ եւ ազնիւ «գլխագիր» մա՛րդ:
Վստահեցէ՛ք ձեր զաւակները դպրեվանքին, թող անոնք դառնան դեսպանները Աստուծոյ, աւետարանիչները` Տիրոջ Խօսքին, ազգային նուիրեալ գործիչները` մեր սիրելի ազգին, ուսուցիչները` հայ դպրոցին, երաժիշտներն ու գծագրիչները` հայ մշակոյթին եւ մտաւորականները` հայ գիրին ու գրականութեան:
**