ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ
«Իմ ուրախութիւնս ձեր մէջ ըլլայ»
(Յիսուս)
Մարդը`
կեանքին ծայրը հասած,
չորցած պարտէզին մէջ,
ամառուան հեղձուցիչ շոգին,
թռչուններու դայլայլին տակ,
շլմորուն, մեկուսի կը մտորէ…
Անցա՞նք քորոնայի – կ՛ըսեն/կ՛ըսես – այս համաշխարհայնացած
հանգրուանը:
Քաոս:
Պատուաստ:
«Բնականոն» կեանքի վեր-ա-դարձ:
Վազք: Հեւք:
Նախաքորոնա: Յետքորոնա: (ՆՔ – ՅՔ)
Ի՞նչ մնաց նախա-էն յետ-ին:
Սէր` կոտորակուած սիրտերու մէջէն հոսող … անսպառ սէր
Հեռու, հեռացած, օր մը դարձեալ միանալու խոստումով
կապուած սիրտերու սէր` ուրախութեամբ վերա-միանալու,
եթէ մահը աւելի կանուխ չհասնի սիրոյ պատրոյգը փչելու…
Սորվեցանք դասը մահուան կամ կեանքին պատկանելու,
յաղթահարելու ոչնչանալու սարսափը կամ տօնելու
կեանքի խնճոյքը առ յաւէտ
Սրբութեան հայելիին կը նայի: Ի՜նչ երկնաբերձ խորհուրդ է սա:
Թռչունները կը լռեն:
Ստեղծագործութեան եօթներորդ օրն է:
Ամեն ինչ կ՛աւարտի:
And It Was Good, And It Was God.
Յիսուս պարտէզ կը մտնէ:
Կեանքը կը վերա-ծաղկի:
Ուրախ Աստուած
մարդոց սիրտերուն մէջ կը թագաւորէ:
Մարդոց վերա-ուրախութիւնը կատարեալ կ՛ըլլայ:
16 յունուար 2022
Անթիլիաս – Լիբանան