Համայն աշխարհ ուշի ուշով կը հետեւի Ուքրանիոյ զարգացումներուն: Նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ պատճառներ ունէր տատամսելու՝ տնտեսական գոծընկերութեան Եւրոպական Միութեան շռայլանքներուն առջեւ: Անցեալի չիրականացած խոստումները, Ուքրանիոյ փխրուն տնտեսութիւնը, Եւրոպական Միութեան անկայուն իրավիճակը, Եանուքովիչը մղեցին սպասողական դիրք որդեգրելու, դանդաղեցնելու Եւրոպական Միութեան ուղղութեամբ առնելիք քայլերը: Փոխարէնը, ան նախընտրեց Ռուսիոյ յարիլ եւ Մոսկուայի հետ ամրապնդել տնտեսական կամուրջները: Նախագահին այս ընտրանքը անկարգութիւններու լայն ալիք մը բարձրացուց՝ արեւմտեան պետութիւններու հովանաւորութեամբ: Նախագահը այսօր հեռացած է մայրաքաղաքէն, անոր կառավարութիւնը տապալած: Քաոս կը տիրէ Ուքրանիոյ մէջ:
Տասնամեակէ մը ի վեր, Ուքրանիա դարձած է արեւմտեան հովանաւորութամբ յեղաշրջումներու տարրալուծարանը (յիշեցէք 2004-ի Նարնջագոյն Յեղափոխութիւնը): Յեղաշրջումը այս անգամ կատարուեցաւ դուրսէն մատակարարուող զէնքի օգնութեամբ:
Ուքրանիոյ մէջ պատահածը Միացեալ Նահանգներու, ՆԱԹՕի եւ Եւրոպական Միութեան ջանքերով համադրուած, աշխարհաքաղաքական հեռանկարներ հետապնդող, միացեալ յեղաշրջումի փորձ մըն է պարզապէս: Արեւմտեան մամուլը լռութիւն կը պահէ այս մասին: Կատարուածը ոչ մէկ զուգահեռ ունի ժողովրդային ապստամբութեան հետ: Արեւմուտքին օրհնութիւնը վայելող նորաստեղծ կառավարութիւնը, ոչ մէկ կերպ կ’արտայայտէ ժողովուրդին ցանկութիւնները, ոչ իսկ կը ներկայացնէ ժողովուրդը: Անոր դերակատարութիւնը յստակ է՝ տնտեսական – քաղաքական գործընկերութեան համաձայնագիր կնքել Եւրոպական Միութեան հետ, ստեղծել ՆԱԹՕ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու ենթակայ իշխանութիւն, սեպ մը խրել Ռուսիոյ կողը, աստիճանաբար չէզոքացնել եւ տարանջատել Ռուսիան ( 68 ինքնիշխան շրջաններու բաժնել՝ ինչպէս օրին յայտարարած էր Զպիկնիու Պրեժինսքին): Ռազմական գետնի վրայ, արեւմտեան հրթիռային համակարգերուն սարսափին տակ շրջափակել Ռուսիան եւ Չինաստանը:
Ուքրանիոյ միջադէպերը կարելի է բնորոշել իբրեւ միջազգային անիշխանականութեան նորագոյն, բայց ժամանակաւոր յաղթանակը: Արդարեւ, 11 Սեպտեմբեր 2001-էն ի վեր, միջազգային բեմին վրայ Ուաշինկթընի բոլոր քայլերը ապօրինութեան հոմանիշ են: Հանրութեան ծանօթ է, Աֆղանիստանի մէջ օրին՝ Սի.Այ .Էյ-ն էր Ալ Քայիտան հովանաւորողը: Փաստեր չեն պակսիր ապացուցելու, որ Սուրիոյ մէջ Ալ Քայիտայի ետին կեցող ուժը նոյնինքն Ուաշինկթընն է: Ուաշինկթընի համար կարեւորը իշխանափոխութիւնն է: Միջոցներու մէջ խտրութիւն դնելու անհրաժեշտութիւն չունի ան …այնքան ժամանակ որ տուեալ կազմակերպութիւնները կ’իրականացնեն անոր ծրագիրները: Այսօրուան դրութեամբ, Ուքրանիա ինկած է Արեւմուտքի հովանաւորութիւնը վայելող ոճրագործներու, նէօ նացիներու իշխանութեան տակ:
Արեւմուտքը, Ուքրանիոյ վրայ ձեռք դնելէ ետք, քայլ առ քայլ պիտի փորձէ թաթարական անկախ պետութիւն մը յառաջացնել Խրիմի մէջ՝ ռուսական ազդեցութիւնը թուլացնելու եւ Խրիմի մէջ կայք հաստատած ռուսական նաւատորմը Սեւ Ծովէն դուրս մղելու երազանքով: Այս մտահոգիչ կացութեան ի տես, երկրին օրինական նախագահը՝ Վիքթոր Եանուքովիչ առ այսօր ոչ մէկ օգնութիւն կը խնդրէ Մոսկուայէն: Տարօրինակօրէն, նորաստեղծ իշխանութիւնն է, որ նախազգայլով յառաջիկայ օրերու փոթորիկը, ռազմական եւ տնտեսական անմիջական օժանդակութիւն կը պահանջէ Արեւմուտքէն: Անոր հասնելիք օժանդակութիւնը պիտի ըլլայ կարճատեւ, որովհետեւ տնտեսապէս քայքայուած եւրոպական ցամաքամասը կարելիութիւն պիտի չունենայ երկար ճանապարհի վրայ, օգնութիւն հայթայթելու Ուքրանիային: Անհրաժեշտ է նաեւ յիշեցնել ,որ Ուքրանիա եւ Եւրոպական ցամաքամասը մեծապէս կախեալ են ռուսական կազէն:
Արեւմտեան լրատուական աղբիւրներ միտումնաւոր կը խեղաթիւրեն Ուքրանիոյ զարգացումները: Արեւմտեան քարոզչութիւնը բուռն յարձակում մը ծաւալած է նախագահ Վլատիմիր Փութինի դէմ, զայն ներկայացնելով իբրեւ բռնատէր, նախկին Խորհրդային Միութիւնը վերականգնելու երազներ փայփայող միապետ: Այսօր կը խօսուի ռուսական հաւանական միջամտութեան մը սպառնալիքին մասին: Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ հակազդել ռուսական «սպառնալիքը»: Բայց միջազգային իրաւական եւ քաղաքական կառոյցներ Ուաշինկթընի հակակշիռն տակ ըլլալու փաստը, ոչ մէկ կերպ պիտի յաջողին կանգնեցնլու Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ յառաջիկայ քայլերը: Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգներ իրաւասութիւն պիտի ունենայ միջամտելու Ուքրանիոյ ներքին գործերուն: Ընդհակառակը՝ միջազգային օրէնսդրութիւնը Ռուսիոյ կը պարտաւորեցնէ եւ իրաւասութիւն կու տայ երաշխաւորելու Ուքրանիոյ մէջ իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, ռուսերը համապատասխանաբար կը կազմեն Ուքրանիոյ եւ Խրիմի բնակչութեան քսան եւ ութսուն առ հարիւրը: Արեւմուտքի մէջ շատեր կը մոռնան, որ անցնող երեք հարիւր յիսուն տարիներուն ընթացքին, Ուքրանիա անբաժամն մասնիկն էր ռուսական կայսրութեան եւ Խորհրդային Միութեան:
Հակամարտութիւնը անկասկած աւելի պիտի ծանրացնէ Ուքրանիոյ տնտեսութիւնը: Եթէ անկեղծ էին Ուքրանիոյ վերելքին համար Արեւմուտքին մտահոգութիւնները, լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլար Եւրոպական Միութիւն, Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա օգնութեան միացեալ ծրագիրի մը մշակումը: : Քաղաքական վերլուծաբաներու կարծիքով, Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը, Գուպայի հռթիրներու (1962) ծանօթ տագնապէն ետք, ամենասուր իրավիճակը կրնայ ստեղծել Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներ փոխյարաբերութիւններուն մէջ:
Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր արկածախնդրութիւն մը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներուն համար: Ռուսիա ոչ մէկ կերպ պիտի հաշտուի կատարուած զարգացումին հետ, իսկ նախագահ Պարաք Օպամա դժուար թէ հաւանութիւն տայ զինուորական ընտրանքին:
Բոլրին ծանօթ է, թէ որոնք կեցած են Ուքրանիոյ «յեղափոխութեան» ետին: Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւնը իրենք նետեցին հակամարտութեան ձեռնոցը: Սակայն մարտահրաւէրը վերցնողը պիտի որոշէ խաղին կանոնները..:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ