Կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնները շարունակելու շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ յայտնեց, թէ նախագահ Աունի հետ քննարկած է երկրին ապահովական միջադէպերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ` մաղթելով, որ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ջանքերուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ վերջ դնել այդ իրադարձութիւններուն:
«Լիբանանեան բանակը իր հիմնադրութեան տօնին օրն իսկ նուէր մը տուաւ լիբանանցիներուն` պաշտպանելով անոնց ապահովութիւնը եւ մարելով սադրանքի հուրը: Բանակը օրըստօրէ կը հաստատէ, որ այս հայրենիքին պաշտպանն է: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բանակի հրամանատարութեան, սպաներուն եւ զինուորներուն, որոնց տառապանքին լաւապէս կը գիտակցինք», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւններուն` Միքաթի նշեց. «Կը մաղթէի, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աւելի արագ ընթանար, 4 օգոստոսէն առաջ կազմած ըլլայինք կառավարութիւնը եւ այդ մասին յայտարարէինք լիբանանցիներուն: Լիբանանեան պետականութեան մէկ տարուան բացակայութենէն ետք, մեր պարտականութիւնն է քաղաքացիներուն ապահով զգացնել եւ շեշտել, որ կա՛յ կառավարութիւն ու պետութիւն», ըսաւ ան:
Միքաթի աւելցուց, որ նախագահ Աուն այսօր ամբողջ օրուան ընթացքին զբաղած պիտի ըլլայ եւ ան պիտի պատրաստուի 4 օգոստոսին տեղի ունենալիք Լիբանանի նուիրատու երկիրներու խորհրդաժողովին: «Հետեւաբար, Պաապտա կը վերադառնամ հինգշաբթի օր», ըսաւ ան:
Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Միքաթի յայտնեց, որ լիբանանցին այլեւս չի փափաքիր այս կամ այն համայնքին կամ քաղաքական ուժին չափաբաժինին մասին լսել իսկ: «Երկիրը փրկութեան կարիք ունի. կամ այն է, որ բոլորս կը շրջանցենք դժուարութիւնները, եւ կամ տեղքայլի մէջ կը մնանք: Այս բոլորին առաջքը առնելու նպատակով առաջարկեցի ընթանալ անցեալ կառավարութեան մէջ համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն վստահուած նախարարութիւնները նոյնը պահելու սկզբունքով: Այս առաջարկը կատարեցի նոր տարակարծութիւններ կանխելու նպատակով, եւ ոչ թէ համայնքային կամ յարանուանական սկզբունքէ մեկնելով, որովհետեւ, ի վերջոյ, քաղաքացին կը փափաքի ունենալ կառավարութիւն մը, որ զինք կը բարձրացնէ եւ ոչ թէ յաւելեալ յուսալքում կը պատճառէ», շեշտեց ան:
Միքաթի յայտնեց, որ ինք որոշ հարցերու մէջ համաձայն է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, սակայն այլ հարցերու պարագային տարակարծութիւններ ունի, սակայն զիրենք կը միացնէ հայրենասիրութիւնը:
«Ինծի համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը անժամկէտ չէ. ո՛վ որ կ՛ուզէ հասկնալ, թող հասկնայ», եզրափակեց Միքաթի ու մեկնեցաւ:
Նշենք, որ ժխտական տպաւորութիւն ձգող Միքաթիի յայտարարութենէն քիչ անց, սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին արժէքը բարձրացաւ 21,000 լ. ոսկիի` աւելի եւս արժեզրկելով լիբանանեան դրամանիշը: