Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, արաբական, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, յատկապէս Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապն ու 1 նոյեմբեր 2022-ին Ալճերիոյ մէջ Արաբական վեհաժողովի գումարումին վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ շրջանային եւ միջազգային ներկայ պայմաններն ու տագնապները որեւէ ժամանակէ աւելի պէտք է մղեն արաբական երկիրներու համախոհութեան եւ համագործակցութեան, որպէսզի անոնք միացեալ կեցուածքով կարենան դիմագրաւել մարտահրաւէրները եւ երաշխաւորել իրենց ժողովուրդներուն շահերը:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին 15 մայիսին` աւելցնելով, որ Արաբական լիկային կողմէ այդ ընտրութիւններուն հետեւելու որեւէ տրամադրութիւն ողջունելի է:
Հանրապետութեան նախագահը նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը ինքզինք կը պարտադրէ լիբանանեան ընդհանուր իրավիճակին վրայ` նկատել տալով, որ այդ հարցին պէտք է լուծում ապահովել, յատկապէս հաշուի առնելով, որ Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ ապահովութիւնը վերահաստատուած է եւ կռիւը աւարտած:
Հանդիպումէն ետք Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ ինք նախագահ Աունի մօտ շօշափած է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու կառչածութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ վերականգնելու համար լիբանանեան տնտեսական եւ ելեւմտական բարօրութիւնը:
Ան հաստատեց, որ Արաբական լիկան պատրաստ է Լիբանան ուղարկելու երեսփոխանական ընտրութիւններուն հետեւող դէտերու խումբ մը:
Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ այս տարուան կիսուն արաբ նախարարներու միջեւ խորհրդակցական հանդիպում մը պիտի կայանայ Պէյրութի մէջ:
Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ Լիբանան սուղ վճարած է աւելի քան 10 տարիէ ի վեր Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալելու համար, երբ այս իմաստով արտաքին օժանդակութիւնը բացակայած է:
Քուէյթեան նախաձեռնութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապուլ Ղէյթ ըսաւ, որ այդ մասին ինք նախագահ Աունի հետ քննարկումներ կատարած է, սակայն բացայայտ կերպով կարելի չէ անոր մանրամասնութիւններուն մասին խօսիլ:
Պըրրիի Մօտ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ապուլ Ղէյթը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Արաբական լիկայի դեսպան Ապտել Ռահման Սոլհի:
Հանդիպումէն ետք Ապուլ Ղէյթ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ խորքային ու մանրամասն կերպով քննարկած է լիբանանեան իրավիճակը եւ Պըրրիի մօտ եւս շօշափած է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու պատրաստակամութիւնը:
Ապուլ Ղէյթ շեշտեց, որ իր տպաւորութիւնը այն է, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք նախագահական ընտրութիւններ պիտի կայանան, եւ ապա պիտի նշանակուի նոր վարչապետ, որ պիտի կազմէ նոր կառավարութիւն:
«Պահանջուածը Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութիւն մըն է, եւ Պըրրի իր կարգին կ՛ուղղուի դէպի այդ ելքը եւ կը փափաքի զայն կարելի եղածին չափ արագ իրականացնել», ըսաւ Ապուլ Ղէյթ` աւելցնելով, որ Լիբանանի ապագային մասին յոյս ներշնչող այս յստակատեսութեան պէտք է կառչած մնալ:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Ապուլ Ղէյթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ապուլ Ղէյթ հաստատեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Քուէյթեան եւ Ծոցի երկիրներու նախաձեռնութեան վերաբերող հարցեր:
Ապուլ Ղէյթ հաստատեց, որ ինք յոյսով լեցուն է Լիբանանի ապագային նկատմամբ:
Յոյսին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապուլ Ղէյթ ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը կը նպաստէ երկրին կայունութեան ամրապնդումին եւ նոր կառավարութեան կազմութեան, որ նոր թափով կը սկսի Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններու` նկատի ունենալով, որ տագնապին լուծման բանալին Միջազգային դրամական ֆոնտին մօտ կը գտնուի: