Կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնները շարունակելու շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ յետմիջօրէին ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որ յայտնեց, թէ նախագահ Աունի հետ իր այս հանդիպումը յատուկ նշանակութիւն ունի:
Ան հաստատեց կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ կարելի է յայտնել, թէ քայլ մը առաջ անցած են:
«Ամէն ջանք ի գործ կը դնենք կազմելու համար կառավարութիւնը եւ չենք փափաքիր, որ լիբանանցիները յուսալքումի հոգեբանութեան մէջ հմտանան», ըսաւ ան:
Միքաթի ընդգծեց, որ ինք ազգային իր գիտակցութենէն մեկնելով է, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը անժամկէտ պիտի չձգէ` աւելցնելով, որ ինք վարչապետ նշանակուած է կառավարութիւն կազմելու համար եւ օր մը օրանց չէ նշած հրաժարելու հաւանականութեան մասին:
Միքաթի նշեց, որ երբ ինք զգայ, թէ կառավարութեան կազմութեան ուղիները փակ են, այդ մասին լիբանանցիները տեղեակ կը պահէ, սակայն պիտի չխօսի հարցի մը մասին, որ գոյութիւն չունի:
Միքաթի շեշտեց, որ ինք այսօր դարձեալ պիտի հանդիպի նախագահ Աունի հետ: