ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Պասքերու երկիրի խորհրդարանը 8 Հոկտեմբերին միաձայնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը, որմով Ատրպէյճանէն կը պահանջէ անյապաղ ազատ արձակել հայ պատերազմական գերիները, յարգել զինադադարը եւ դադրեցնել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը զինուորական ներխուժումները։
«Ատրպէյճանէն կը պահանջենք շտապ կերպով ազատ արձակել հակամարտութեան ընթացքին եւ անկէ ետք գերի առնուած բոլոր անձերը՝ առանց նախապայմաններու եւ ինչպէս կը պահանջէ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին եռակողմ յայտարարութիւնը։ Ինչպէս նաեւ կը միանանք Եւրոպական խորհրդարանի առաջարկին, որմով կը վերահաստատուի Արցախի ապագայ կարգավիճակը բանակցութիւններուն միջոցով լուծել, ուժի գործադրութեան բացառումը, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը», իր խօսքին մէջ ըսաւ Պասքերու երկիրի խորհրդարանի ընդդիմադիր անդամ Էիհանա Էչեպերիէթա Լեկրան։
Ան ողջունեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ նախարարներու մակարդակով հաղորդակցութիւնները՝ ընդգծելով քաղաքական լուծման անհրաժեշտութիւնը, սակայն մինչ այդ, ըստ անոր՝ իրենք նախ պէտք է իրենց կեցուածքը դրսեւորեն Հայաստանի եւ Արցախի դէմ թուրք¬ատրպէյճանական յարձակումին նկատմամբ եւ իրենց համերաշխութիւնը եւ աջակցութիւնը՝ հայ ժողովուրդին՝ իր տարածքային եւ հանրային իրաւունքները պաշտպանելուն մէջ։