ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հաւաքական անվտանգութեան անդամ պետութիւններու կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) միացեալ շտապի պետ, զօրավար Անատոլի Սիտորով, պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք ՀԱՊԿ պատերազմական գործողութիւններու ընթացքին կրնա՞յ օգնել Արցախին՝ ըսաւ, որ Արցախը ՀԱՊԿ անդամ երկիր չէ, եւ կազմակերպութիւնը Ստեփանակերտին ռազմական օգնութիւն չի կրնար ցուցաբերել:
Հարցումը զօրավարին տրուեցաւ «ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ռազմական անվտանգութեան հիմնական սպառնալիքները» նիթով Մոսկուա-Երեւան-Աստանա-Պիշքեկ-Մինսկ տեսակամուրջին ընթացքին:
«Նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ ըսել, որ Լեռնային Ղարաբաղը կամ Արցախը ՀԱՊԿ անդամ երկիր չի համարուիր: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը համարուի ՀԱՊԿ անդամ, հետեւաբար, բոլոր այն փաստաթուղթերը, որոշումները համաձայնութիւնները, որոնք կը կայացուին կազմակերպութեան շրջանակներուն մէջ, անմիջականօրէն կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան: ՀԱՊԿը Երեւանի նկատմամբունի յստակ պարտաւորութիւններ», ըսաւ զօրավար Սիտորով՝ աւելցնելով, որ Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է վստահ ըլլան, որ սպառնալիքի պարագային ՀԱՊԿը զիրենք վտանգի մէջ չի թողուր:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութեան, թէ Երեւանը պիտի գրաւեն՝ Անատոլի Սիտորով նշեց, որ պէտք է յոյս ունենալ, որ կան կազմակերպութիւններ, մարմիններ, որոնք թոյլ չեն տար, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները այնքան լարուին, որ «իրարմէ մայրաքաղաքներ խլեն»:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանին Ռուսիոյ կողմէ սպառազինութեան վաճառքի նիւթին՝ զօրավարը նշեց, որ եթէ Ատրպէյճան Ռուսիայէն զէնք չգնէ, այլ երկիրէ կը գնէ։
«Բայց կը կարծեմ, որ Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը պատահականօրէն չի տար այդ որոշումները: Գիտեմ, որ այս հարցը շատ ցաւոտ կերպով կ՛ընկալուի Հայաստանի մէջ, բայց պէտք է հասկանալ, որ Ատրպէյճանը, այսպէս թէ այնպէս, պիտի իրագործէ իր նպատակը: Այդ պատճառաւ, պէտք չէ Ռուսիոյ այս քայլը այդքան հիւանդագին կերպով ընդունել, մանաւանդ որ Ռուսիա այդ ուղղութեամբ կ՛օգնէ նաեւ Հայաստանին», ըսաւ զօրավարը:
Նշենք, որ Հաւաքական անվտանգութեան մասին պայմանագիրի 4րդ յօդուածը կ՛ըսէ, որ «եթէ անդամ պետութիւններէն որեւէ մէկը ենթարկուի յարձակման, որեւէ պետութեան մը կամ պետութիւններու խմուբի մը կողմէ, անդամ պետութիւններուն կողմէ այդ մէկը կը համարուի իբրեւ յարձակում սոյն պայմանագիրի բոլոր մասնակից պետութիւններուն դէմ: Մասնակից պետութիւններէն որեւէ մէկուն դէմ յարձակումի արարքի ի յայտ գալու պարագային, մնացած մասնակից պետութիւնները կը ցուցաբերեն անհրաժեշտ օժանդակութիւն՝ ներառեալ ռազմական օգնութիւն, նաեւ կը ցուցաբերեն օժանդակութիւն իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող միջոցներով՝ հաւաքական պաշտպանութեան իրաւունքի իրագործման կարգին համապատասխան՝ համաձայն ՄԱԿի կանոնադրութեան 51րդ յօդուածին»: