1095՝ Հռոմի Ուրպանոս Պապը Սուրբ Երկիր Երուսաղէմը իսլամներէն ազատագրելու կոչ մը ուղղեց Եւրոպայի քրիստոնեաներուն:
1852՝ Մահացաւ անգլիացի կին գիտնական Աթա Լավլէյսը՝ նշանաւոր բանաստեղծ Լորտ Պայրընի դուստրը, որուն անունով կը կոչուի Աթա ծրագրաւորման լեզուն (Ծնեալ՝ 1815):
1895՝ Շուէտացի գիտնական Ալֆրէտ Նոպէլ կազմեց իր կտակը, որուն համաձայն սահմանուեցաւ Նոպէլեան մրցանակը:
1897՝ Ծնաւ հայ բանաստեղծ, արձակագիր Գէորգ Աբովը (Մահացաւ՝ 1965):
1990՝ Ընդունուեցաւ Պուլկարիոյ դրօշը:
1991՝ Տեղի ունեցաւ «Մայրիկ» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը:
2005՝ Հանրաքուէի միջոցաւ փոխուեցաւ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը: