Պաքուի Եամասալի շրջանային դատարանին մէջ արձակուեցան հայ գերիներ Լիւտվիկ Մկրտիչի Մկրտչեանի եւ Ալիոշա Արամայիսի Խոսրովեանի շինծու դատավարութեան վճիռները:
Ատրպէյճանի պետական «Էյ․Փի․Էյ․» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Մկրտչեան եւ Խոսրովեան դատապարտուեցան 20 տարուան բանտարկութեան: Անոնք առաջին տասը տարին պիտի անցընեն բանտի մէջ, իսկ մնացեալ կէսը` «խիստ դրութեամբ ուղղիչ գաղութի մը մէջ»:
Հայ գերիները կը մեղադրուին ատրպէյճանցի գերիներ խոշտանգելու յանցանքով: