Ազրպէյճան ազատ արձակած է եւ վերադարձուցած պատերազմական գերիներու կարգավիճակ ունեցող բոլոր հայերը: Ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը կը հաղորդէ, որ երէկ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Լէյլա Ապտուլլայեւան` մեկնաբանելով հայ պատերազմական գերիներու առնչութեամբ հնչող մեղադրանքները:
Յիշեցնենք, որ 4 մայիսի դրութեամբ Ազրպէյճանէն Հայաստան վերադարձած գերիներուն թիւը ընդհանուր առմամբ հասած է 72-ի: Հայկական կողմի տուեալներուն համաձայն, Ազրպէյճանի մէջ կը շարունակեն մնալ 200 հայ պատերազմական գերիներ ու քաղաքայիններ: