Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի ուսանողներ Սիւզան Պետրոսեանի ու Կրեկ Ըրուինի բեմադրած «Play for your Life» կարճ ֆիլմը շահած է համալսարանին մէջ գործող «Շօա» հիմնարկի ուսանողական ֆիլմերու մրցանակը:
Պետրոսեան, որուն նախահայրերը Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրողներ են, ըսած է, թէ ֆիլմին ներշնչումը եղած է վերջերս մահացած 110ամեայ Ալիս Հերզ Սոմները, որ պատմած էր Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն նացիներու կողմէ կազմակերպուած նուգախումբերուն մասին՝ գերիներու յատուկ բանտային ճամբարներուն մէջ:
Նշենք, որ «Շօա» հիմնարկը 2010էն ի վեր կը գործակցի Հայկական շարժապատկերի հիմնարկին հետ, անոր արխիւներուն մէջ գտնուող Հայկական Ցեղասպանութեան աւելի քան 400 վերապրողներու վկայութիւնները թուայնացնելու եւ զանոնք համացանցի միջոցաւ տրամադրելի դարձնելու նպատակով՝ մինչեւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: