Երէկ երեկոյեան ժամը 4:58-ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող քանդուած ցորենի շտեմարանէն բաժիններ փուլ եկան, առանց վնասներ պատճառելու:
Հիմնականին մէջ փուլ եկող բաժինները շտեմարանին հիւսիսային բաժինի երկու սիւներն են, որոնք երեք շաբաթէ ի վեր հրդեհի ենթակայ էին:
Ցորենի շտեմարանին հիմնասիւներէն երկուքին փուլ գալով փոշիի հսկայ ամպ մը բարձրացաւ, սակայն առանց վախ կամ սարսափ պատճառելու շրջանի բնակչութեան:
Այդ դէպքէն ետք, լիբանանեան բանակի ուղղաթիռներ փութացին մարելու շտեմարանին մէջ տակաւին բռնկող հրդեհը:
Կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նասեր Եասին յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանը որոշ ժամանակէ ի վեր հսկողութեան տակ կը գտնուէր եւ անոր մէկ մասին փուլ գալը նախատեսուած էր:
Ան նշեց, որ նաւահանգիստին մօտակայքը ապրող բնակիչները պէտք է փոշիէն զգուշանան եւ «Էն. 95» դիմակապեր օգտագործեն, ինչպէս նաեւ փակեն իրենց տուներուն դռներն ու պատուհանները` փոշին չշնչելու համար:
Եասին ընդգծեց, որ արձակուած փոշին թունաւոր չէ, սակայն նախընտրելի է զայն չշնչել:
Էշրեֆիէի, Քարանթինայի, Ժըմմէյզէի եւ նաւահանգիստի շրջակայքի բնակիչները, որոնք շարունակեցին իրենց կեանքը բնականոն կերպով, կոչ ուղղեցին ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերուն ելեկտրական հոսանքէ չզրկելու զիրենք, որպէսզի կարենան իրենց տուներուն օդորակիչները օգտագործել:
Նշենք, որ օրեր առաջ, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանին մնացորդացին փուլ գալու հաւանականութեան մասին կենսոլորտի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ յայտարարուեցան շարք մը նախազգուշական թելադրանքներ, որոնք պէտք է որդեգրուին շրջանի բնակչութեան կողմէ:
Կենսոլորտի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները հաւանական նկատած էին, որ ցորենի շտեմարանին փուլ գալուն պատճառով օդին մէջ բարձրանայ փոշիի ամպ մը, որ բաղկացած պիտի ըլլայ նեխած հացահատիկներու բաղադրիչներէ եւ կրնայ արձակել գարշահոտ:
Նոյն նախարարութիւնները հաստատած էին, որ ցորենին կամ հացահատիկներուն արձակած կազերը թունաւոր չեն, «իսկ ցորենի շտեմարանէն 500 մեթր մօտիկ տարածութեան մէջ ապրող բնակիչները պէտք է լքեն իրենց բնակարանները` խուսափելու համար փոշիէն եւ շողարձակումէն: Կը նախատեսուի, որ փոշին եւ հաւանական շողարձակումը ազդեն նաեւ 500-1500 մեթր տարածութեան վրայ գտնուող շրջաններուն, ինչպէս` Քարանթինայի, Ժեհթաուիի, Մար Մըթրի, Կեդրոնական Պէյրութի մէջ, ուր առաւելագոյնը 24 ժամ կրնայ մնալ անոնց ազդեցութիւնը եւ ապա ցնդիլ», ըստ նախարարութիւններուն:
Կենսոլորտի եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն յանձնարարականը դարձեալ կը հրապարակենք.
1) Ցորենի շտեմարանին փուլ գալուն պատճառով բարձրանալիք փոշիին ընթացքին, եթէ մարդիկ իրենց բնակարաններուն կամ աշխատատեղիներուն մէջ են, պէտք է առաջին 24 ժամերուն, որդեգրեն հետեւեալ միջոցառումները.
ա.- 500-1500 մեթր տարածութեան վրայ գտնուող շրջաններուն մէջ փողոցի դռներն ու պատուհանները փակել:
բ.- Առողջապահութեան նախարարութիւնը այդ շրջաններու բնակչութեան համար պիտի ապահովէ պէտք եղած դիմակապերը:
2) Փողոցը գտնուող մարդիկ պէտք է «Քէյ. Էն. 95» դիմակապ գործածեն, մինչեւ փակ վայր մը հասնիլը, եւ նուազագոյնը երկու ժամ ետք պէտք է դարձեալ դուրս գան:
3) Ինքնաշարժներուն մէջ գտնուող քաղաքացիներուն պարագային.
ա.- Ինքնաշարժներուն պատուհանները պէտք է փակել եւ ինքնաշարժին օդորակիչները միացնել, մինչեւ բնակարան կամ փակ վայրեր հասնիլը:
բ.- Եթէ ինքնաշարժին օդորակիչը չի գործեր, ապա մարդիկ պէտք է «Քէյ. Էն. 95» դիմակապ գործածեն, մինչեւ փակ վայր մը հասնիլը:
4) Տանիքները կուտակուած փոշին մաքրելու պարագային.
ա.- Տանիքներն ու պատշգամները պէտք է մաքրել ջուրով եւ ժավելով, առանց այլ տեսակի մաքրութեան դեղ օգտագործելու, որպէսզի քիմիական փոխազդեցութիւններ չարձանագրուին:
բ.- Մաքրութեան ընթացքին պէտք է «Քէյ. Էն. 95» դիմակապ գործածել:
գ.- Բնակարաններուն փոշին պէտք է թաց լաթով եւ ժավելով մաքրել, առանց այլ տեսակի մաքրութեան դեղ օգտագործելու, ինչպէս նաեւ դիմակապ գործածել մաքրութեան ընթացքին:
Կենսոլորտի եւ առողջապահութեան նախարարութիւնները հաստատեցին, որ նախազգուշութիւնը լաւագոյն ձեւը կը նկատուի` առողջութիւնն ու կենսոլորտը պահպանելու: