Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ, 22 օգոստոս 2020-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Նիքոլա Սահնաուի, Անթուան Փանօ, Էտկար Թրապուլսի, Սեզար Ապի Խալիլ եւ Հիքմաթ Տիպ:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին ներկայացուց իր կատարած օրէնսդրական աշխատանքը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլան լաւագոյնս օժանդակել նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասուած քաղաքացիներուն:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ ինք լրջօրէն կը հետեւի պայթումին պատճառած վնասներու գնահատումի աշխատանքին` հսկելով անոնց թափանցիկութեան եւ ամբողջականութեան` բոլոր շրջաններուն պարագային:
Ան հաստատեց, որ այս աշխատանքը կարեւոր է` իմանալու համար, թէ պայթումին պատճառած վնասները որքանո՛վ կը գնահատուին, որպէսզի կարելի ըլլայ հատուցումները այդ գնահատումին հիման վրայ կատարել:
«Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասուած քաղաքացիներուն կոչ կ՛ուղղեմ կառչած մնալու իրենց հողին եւ քաղաքին, իսկ հատուցումը պիտի ըլլայ արագ եւ արդար», ընդգծեց նախագահ Աուն:
Հանդիպումէն ետք Սահնաուի յայտնեց, որ իրենք լիբանանեան պետութենէն թափանցիկ եւ քաջ հետաքննութիւն կ՛ակնկալեն, ինչպէս նաեւ կը փափաքին, որ այս պայթումին առումով բոլոր պատասխանատուութիւնները բացայայտուին, իսկ յանցագործները ամէնէն ծանր պատիժներուն ենթարկուին: