Ուքրանիոյ գծով հակասական կեցուածքները օր ըստ օրէ կը սաստկանան` լարուած մթնոլորտ ստեղծելով շրջանի պատկան երկիրներուն միջեւ: Արդարեւ, Ուքրանիա աւելի քան 125 հազար հաշուող զօրք տեղակայած է Ռուսիոյ սահմանակից Տոնպասի շրջանին մէջ: Փոխադարձաբար, Ռուսիա շեշտած է իր զինուորական ներկայութիւնը Ուքրանիոյ հետ սահմանի երկայնքին: Ըստ լրագրող Անտրէ Անթիքովի, ՕԹԱՆ-ի ենթակառոյցի զինամթերքի տեղակայումը Ռուսիոյ շուրջ համազօր է Ռուսիոյ դէմ շրջափակման: Նոյն ծիրին մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մտավախութիւն յայտնեց, որ «Ռուսիա պաշարուած է ՕԹԱՆ-ի խարիսխներով»:
«Միացեալ Նահանգներու դիմաց կայ մէկ ընտրանք, ըստ որուն` Մինսքի համաձայնագիրին համազօր ռուսեւամերիկեան համաձայնագիր մը պէտք է կնքուի», յայտնեց մեկնաբան Հիւսէյն Ուաիլի Պրիւքսելէն` դիտել տալով, որ «ռուս-ուքրանական հակադրութիւնը ունի գաղափարական բնոյթ, աւելի քան աշխարհաքաղաքական»:
Իր կարգին, Ուաշինկթընի միջազգային ուսումնասիրութեանց հիմնարկի տնօրէն Փաուլօ Վոն Շիրաք փորձեց փարատել Ռուսիոյ կասկածները` հերքելով ՕԹԱՆ-ի կողմէ Ռուսիոյ դէմ շրջափակման քայլերը եւ զանոնք որակելով «երեւակայական»: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր մտահոգութիւնը ներկայիս Չինաստանն է: Նշենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին բուռն կերպով քննադատեց ՕԹԱՆ-ի եւ առհասարակ արեւմտեան երկիրներու կեցուածքները Ուքրանիոյ հարցին գծով` ընդգծելով, որ «Ռուսիա ձեռնածալ պիտի չմնայ մեր սահմանները վտանգող որեւէ փորձի դէմ»:
Փոխադարձ մեղադրանքները սրեցին տիրող լարուած մթնոլորտը` սպառնալով պաղ պատերազմի վերածուիլ: Փաստօրէն ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ հաւանական նկատեց տնտեսական պատժամիջոցներու տնօրինումը Ռուսիոյ դէմ, եթէ անոնց կարիքը զգացուի: Ան նշեց, որ ՕԹԱՆ-ի ուժերու ներկայութիւնը Պալթեան ջուրերուն մէջ կը նպատակադրէ սանձել Ռուսիոյ կողմէ որեւէ թշնամական քայլ Ուքրանիոյ դէմ: «Ռուսիա շատ սուղ գին պիտի վճարէ Ուքրանիոյ դէմ որեւէ արկածախնդրական քայլի պարագային», շեշտեց ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարը: