Երկու ֆրանսացի կանանց կրքոտ սէրը նկարագրող, ծագումով թունուզցի, ֆրանսացի բեմադրիչ Ապտէլաթիֆ Քեշիշի «Պլու Իզ Տը Ուորմեսթ Գալըր» երկու ժապաւէնը արժանացաւ Գաննի ֆոլմարուեստի միջազգային փառատօնի «Ոսկէ Արմաւ» մրցանակին: Ժիւրիի նախագահ, ամերիկացի հանրածանօթ բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկ , պատասխանելով քննադատութիւններուն, յայտնեց թէ փառատօնի նախագահութիւնը չի զբաղիր քաղաքականութեամբ: Հոլիվուտեան վեթերան դերասան Պրուս Տըրն, 76 տարեկան, շահեցաւ լաւագոյն դերասանի մրցանակը: Ֆրանսացի Պերենիս Պէժօ՝ լաւագոյն դերասանուհիի մրցանակը:
Գաննի ֆիլմարուեստի 66-րդ փառատօնին ուսանողական կարճամեթրաժ ժապաւէններուCinefondation մրցոյթի առաջին մրցանակը ստացաւ ամերիկեան «Նիտըլ» ժապաւէնը: 21 վայրկեան տեւողութեամբ այս ժապաւէնը նկարահանած է Շիքակոյի արուեստի դպրոցի ուսանողուհի Անահիտա Ժազվինիզատէնը: